ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

amanor 2Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2013, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան ներկայ եղան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան շուրջ 350 հոգի՝ համայնքային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Հանդիսութեան սկիզբը, մանուկներու միասնաբար երգած «Շնորհաւոր Նոր Տարի, Սրբազան Հայրիկ» երգի ընկերակցութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը Պէզճեան Սրահէն ներս մուտք գործեց։ Մօտ մէկ ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։ Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան եւ Ամանորի նուէրներ տուին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։

amanorԵլոյթներէ յետոյ խօսեցաւ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ ըսաւ. «Այսօր մեծապէս ուրախ եմ այս յարկին տակ համախմբուած տեսնելով ձեզի նման մանուկները։ Հանդիսութեան սկիզբը նշմարեցի թէ կարգ մը աշակերտներ նախ գացին եկեղեղեցի, իրենց ձեռքի մոմերը վառեցին եւ աղօթեցին։ Սիրելի տղաք այժմ կ՚ուզեմ շեշտել աղօթելու եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու կարեւորութիւնը։ Վստահ եմ թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ աղօթող մանուկներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ։ Սիրելի տղաք, Ձեր Աղօթքները ձեր խնդրանքները հաճելի են Աստուծոյ։ Այս առթիւ եկէք միասնաբար աղօթենք մեր շատ սիրելի Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր համար։ Ան այս հանդէսը ան հաստատեց, որովհետեւ շատ կը սիրէր մանուկները։ Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, որ այսօր Մեր մայրենի լեզւով երգեր ու արտասանութիւններ լսելու առիթը տուիք բոլորիս։ Լաւ արժեւորեցէք Հայկական Վարժարան յաճախելու առիթը եւ լաւ սորվեցէք Ձեր կրօնքը եւ լեզուն»։

Ապա երգերու եւ ծափերու տարափին ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը եւ բեմ բարձրանալով ողջագուրուեցաւ Արամ Սրբազան Հօր հետ։ Ապա Կաղանդ Պապուկը թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները՝ իրենց պատկանած հաւաքականութեան։

Իր խօսքերէն վերջ Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան տուրմ եւ անուշեղէններով լեցուն տոպրակները։

  • 2
  • 35
  • 3
  • 34
  • 4
  • 33
  • 5
  • 30
  • 32
  • 31
  • 1
  • 28
  • 29
  • 27
  • 24
  • 25
  • 23
  • 26
  • 22
  • 19
  • 20
  • 18
  • 17
  • 16
  • 15
  • 12
  • 11
  • 9
  • 8
  • 7
  • 6
  • 38
  • 39
  • 40
  • 37
  • 36