ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

 

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան կը նախագահէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանը, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանը, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանը եւ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանը։

2020 GAGHANT BABA 2

Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

 

Հանդիսութեան սկիզբը, մանուկներու միասնաբար երգած «Շնորհաւոր Նոր Տարի, Սրբազան Հայրիկ» երգի ընկերակցութեամբ, Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց թափորով սրահէն ներս մուտք գործեց։ Մօտ երկու ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։ Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան եւ Ամանորի նուէրներ տուին Ընտրեալ Պատրիարք Հօր։

2020 GAGHANT BABA 3

Ելոյթներէ ետք խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ գհահատեց այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտեց ուրախութիւնը, քանի բազում մանուկներ Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ոգեւորած էին մթնոլորտը։ Սոյն տեսարանին մէջ կը յայտնուէր սիրոյ արտայայտութիւնը եւ մանուկները սիրոյ լաւագոյն դեսպաններն էին առհասարակ։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը, հարցուց թէ ո՞վ է ինք եւ մանուկներ պատասխանեցին ըսելով. «Սահակ Պատրիարք Հայր»։ Ի դիմաց այս տեսարանին, Պատրիարք Հայրը բացատրեց թէ Պատրիարքը մասնաւորապէս կ՚աղօթէ մանուկներուն եւ իրենց ծնողներուն համար, եւ ապա մանուկները եւս հրաւիրեց աղօթակցելու։ Սրահի մէջի բոլոր ներկաներ, Պատրիարք Հօր խօսքերը կրկնեցին ու միասնաբար բարեմաղթանք բարձրացուցին առ Աստուած մեր եկեղեցիին, ժողովուրդին, ազգին եւ համայքին բարւոք ապագային համար։ Մանուկներուն խրատեց որ աղօթքով միանան եկեղեցիին։ Ապա, բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար Տէրունական Աղօթքը արտասանելու։

 

Ապա երգերու եւ ծափերու տարափին ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը եւ բեմ բարձրանալով ողջագուրուեցաւ Ընտրեալ Պատրիարք Հօր հետ։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը նախաթոռը թողուց Կաղանդ Պապուկին ու հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Երբ Պատրիարք Հայրը ու եկեղեցականաց թափորը կը բաժնուէր սրահէն, մանուկներ ու ծնողներ մեծ խանդավառութեամբ մօտեցան Նորին Ամենապատուութեան, իր աջը առնելու համար։ Ապա, Կաղանդ Պապուկը թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները՝ իրենց պատկանած հաւաքականութեան։

2020 GAGHANT BABA 1

Իր խօսքերէն վերջ Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան տուրմ եւ անուշեղէններով լեցուն տոպրակները։