ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ամանորի առաջին օրը արդէն ուրախութեան առիթ մըն է ամէն անձի համար։ Իսկ այն Հայ Քրիստոնեայի համար այլ ուրախութեան մը կը վերածուի երբ ան իր Տիրոջ հետ կը հանդիպի Սուրբ Պատարագի խորհուրդի միջոցաւ։ Իսկ այս տարի Պաքըրգիւղի ժողովուրդին համար այս կրկնակ ուրախութիւնները կը բազմանային քանի այս տարի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութեան պիտի նախագահէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական գահին նորընտիր Գահակալը՝ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը։

Այս առթիւ արարողութենէ մօտաւորապէս կէս ժամ առաջ թաղեցի ժողովուրդը եւ այլ թաղերէ ժամանած հաւատացեալներ արդէն լեցուցեր էին եկեղեցին։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արամ Սրկ. Պարոնեան, Բրկ. Կիսասարկաւագներ՝ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գամէր Քարաթայլը, Մուրատ Այքար, ուր. դպիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Տիար Յուսիկ Աքմանի։

2020 YENI YIL BAKIRKOY

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հիմնադիր ու բարերար Յովհաննէս Պէյ Տատեան եւ Տատեան գերդաստանի հանգուցեալ անդամները։ Հոգեհանգստեան կարգին հետեւեցաւ նռօրհնէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը  օրհնեց ամանորի նուռերը։ Իսկ նախ քան հոգեհանգստեան կարգը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց մանաւանդ կեդրոնանալով նորոգութեան գաղափարի վրայ։ «Ձեզի նոր տարուան նուէր մը կու տամ, նոր խօսք մը – ըսաւ ան- ինչ նուէր, որ կու տան ձեզի եթէ առնէք ձերը կ’ըլլայ, եթէ չառնէք տիրոջը կը վերադառնայ։ Խօսքն ալ այն պէս է, եթէ առնէք ձերն է, եթէ չառնէք իր տիրոջ պիտի վերադառնայ։ Ուրեմն այս տարի այս կ’ըսեմ ձեզի, եթէ մարդիկ ձեր մասին կը խօսին առէք այն ինչ որ ձեզի օգտակար է, առանց նայելու թէ ուրկէ կու գայ, ձեր բարեկամէն, կամ թշնամիէն։ Մերժեցէք այն ինչ որ վնասակար է ձեզի, փակեցէք ձեր ականջները, առանց նայելու  թէ ուրկէ կու գայ, ձեր բարեկամէն, կամ թշնամիէն, ու ան տիրոջը կը վերադառնայ։ Այսպէսով է որ ձեր ներքին կեանքը մաքուր կը մնայ»։

Յաւարտ արարողութիւններու եկեղեցւոյ սրահին մէջ Թաղային Խորհուրդի կողմէ սարքուած էր սիրոյ սեղան, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը առիթն ունեցաւ լսելու ժողովուրդի մտածումները, ապագայ բաղձանքները, խնդրանքները եւ զանազան խնդիրները, որոնց մէկ առ մէկ պատասխանեց։ Սիրոյ սեղանի սիրալիր մթնոլորտը աւարտեցաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան աղօթքով։