ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

168218766_1814981475328394_4720258493240472769_n«Մահուամբ զմահ կոխեաց
եւ յարութեամբն իւրով
մեզ զկեանս պարգեւեաց.
Նմա փա՜ռք յաւիտեանս» ։
(Ժամագիրք)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Այս ուրախ աւետիսով կ՚ողջունենք զիրար՝ հասած ըլլալով Ս. Զատկի տօնին։ Մեծ Պահքի աւարտին կ՚ապրինք Զատկական ուրախութիւնը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ մեր ուրախութիւնը կատարեալ չէ, որովհետեւ դատարկ եկեղեցիներու մէջ կը կատարենք տօնական արարողութիւնները։ Եւ ահա մեր ժողովուրդը, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս դժբախտաբար զրկուեցաւ եկեղեցիներու մէջ կատարուած արարողութիւններուն եւ մատուցուած Ս. Պատարագներուն մասնակցելէ, նաեւ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ։ Սակայն եւ այնպէս, փառք կու տանք, որ ունինք Պատրիարքական Աթոռի ընկերային համացանցի միջոցները, որոնց օգտագործումով կը ջանանք մեր ժողովուրդը հոգեւոր առումով մխիթարել եւ մասնակից դարձնել տօնական ուրախութեան։

Ս. Յարութեան Տօնը՝ Զատիկը, մեր եկեղեցւոյ օրացոյցի գագաթնակէտն է։ Աստուածաշունչի դէպքերուն մէջ, Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը, այսպէս գագաթ մըն է, զէնիթ մը։ Որովհետեւ այս հրաշքին մէջ, անցողական, տեղային, միայն մէկ ժամանակի յատուկ, հրաշք մը չենք տեսներ։ Այլ այս, հրաշք մըն է, բացուող դուռ մը։ Մահկանացու մարդոց որդիներուն համար, բացուած փրկութեան դուռը, յարութեան դուռը այլեւս երբեք պիտի չգոցուի մեր առջեւ։ Հետեւաբար, ինչպէս Հրեայ պատմութեան մէջ Կարմիր Ծովը ճեղքուեցաւ իրենց առջեւ եւ իրենք անցան ազգովին ու փրկուեցան, այնպէս ալ Տէր Յիսուս Քրիստոս, իր յարութեամբը մահուան ծովուն մէջէն ճամբայ մը բացաւ մեզ համար եւ մենք՝ անոր հաւատացողներս անոր ետեւէն կ՚անցնինք։ Մեր մկրտութեամբ մասնակից կը դառնանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ յարութեան։ Այնպէս որ, այս տօնը միայն պատմութեան մէկ անկիւնը մնացած դէպք մը չէ մեզ համար։ Մենք կը յիշենք եւ կը տօնենք յաւիտենական ուժ ունեցող դէպք մը։ Աստուածաշունչի մեծ դէպքերը, մեր աչքին առջեւ կը բերենք։ Իրապէս մեծ դէպքեր, անձեր կան Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած։ Մենք կը գտնենք արդար Աբելը, անոր խօսող արիւնը, մենք հոն կը տեսնենք Նոյ Նահապետը՝ արդար մարդը, որ ջրհեղեղէն փրկուեցաւ, իր ընտանիքին հետ միասին տապանը կերտեց բոլոր անասուններուն համար։ Մենք Մովսէսը եւ անոր հրաշքները կը կարդանք։ Սամփսոնը, Դաւիթ Մարգարէն, Սողոմոն Արքան կը կարդանք։ Մարգարէներու այդ շքեղ փաղանքը մեր առջեւէն կ՚անցնի Աստուածաշունչի մէջէն։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, հրաշքները, առաքեալներու գործերը գրուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Բայց բոլոր այդ անձերը եւ բոլոր դէպքերը, մահուան շուքին տակ մնացին։ Մահը կոխկռտեց բոլորը։ Նոյը նորէն մեռաւ եւ Տապանը այս անգամ չփրկեց Նոյը։ Դաւիթը, հակառակ իր գեղեցիկ սաղմոսներուն, մեռաւ ու թաղուեցաւ։ Իր սաղմոսները չկրցան փրկել զայն։ Սողոմոն, որ աշխարհի ամենէն իմաստունն էր, չկրցաւ փրկուիլ իր իմաստութեամբ։ Հրաշքերը լաւ են, բայց հրաշքներն ալ երբ որ մահուան կը հանդիպին, մահը միշտ յաղթական կ՚ելլէ։ Եւ ահա բան մը փոխուած է այս անգամ. մահուան դէմ ելաւ մէկը, որ սատանան եւ մեղքը չկրցան կշռել այս անձնաւորութիւնը։ Մահը ինչ կայսրեր ոչնցացուց։ Այս անձը մէկ շաբաթ առաջ չորս օրուան մեռեալին յարութիւն տուած էր։ Բայց մահուան լարերը, լարուած ծուղակը եւ օրուան իշխանութիւնները ուզեցին մէջտեղէն վերցնել լոյսը եւ յաջողեցան։

Տէր Յիսուս, Հայր Աստուծոյ կամքով, մեր մեղքերը վերցնելու առաքելութեամբ, «անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունչ կեցող մաքիի պէս իր բերանը չբացաւ» (Ես. 53.7)։ Ուրիշ սպասումներ ունէին Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, բայց Ան ինչ որ պիտի ընէր, զայն պահեց գերեզմանին։ Ահա գերեզմանին մէջ դրին, քարը գլորեցին որպէս կափարիչ, կնքեցին եւ զինուորներ որպէս պահակ դրին։ Հակառակ այս բոլորին, Տէր Յիսուս Քրիստոս, Կիրակի առաւօտ արեւածագին գերեզմանէն ծագեցաւ հրաշալի լոյսով մը, իր նիւթական մարմինը, հոգեկան մարմնի փոխելով։ Տէր Յիսուս յարութիւն առած ըլլալը ցոյց տուաւ հաւատացեալ կիներուն եւ յետոյ քառասուն օր Յիսուս փաստեց որ ինքը ուրուական մը չէր։ Ինքը փոխեց իր մարմինը փառաւորեալ մարմինով, որ գոյութիւն ունէր։ Ուզած ատեն, կրնար նիւթականի վերածուիլ, ուզած ատեն աներեւութանալ։ Յետոյ իր առաքեալները ուղարկեց ամբողջ աշխարհի ազգերուն, որպէսզի այս աւետիսը տանին բոլորին։ Որովհետեւ մահը պարտուեցաւ, մահը մահուամբ պարտեց, անոր վրայ կոխկռտեց։ Այս է աւետիսը, այս է մարդկութեան լսելիք մեծագոյն աւետիսը։

Գիտեմ որ օրերը վատ են եւ գիտեմ որ բարի լուրերու պէտք ունիք։ Աւետիսի մը պէտք ունիք, բայց մի՛ արհամարհէք յարութեան աւետիսը։ Որովհետեւ այս աւետիսը, մեզ պէս մահկանացու մարդոց ստանալիք մեծագոյն աւետիսն է։

Հիւանդութեամբ տառապող անձեր դեղ ու դարման կը փնտռեն եւ դեղ մը իրենց վերջին յոյսը կրնայ ըլլալ։ Եւ երբ այդ դեղը գտնուի, անոնց համար կը վերածուի մեծ աւետիսի։ Որովհետեւ Յիսուս ըսաւ. «Ի՛նչ օգուտ կ՚ունենայ մարդ, եթէ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր անձը կործանէ» (Մտթ. 16.26)։ Հիւանդութիւններէն կրնանք փրկուիլ, բայց ի վերջոյ մահէն ինչպէ՞ս պիտի փրկուինք։ Մենք պիտի մեռնինք օր մը, մեր բոլոր հաւաքածները պիտի կորսնցնենք, մեր սիրելիներէն պիտի բաժնուինք, մահը զերոյի պիտի վերածէ մեր բոլոր յաջողութիւնները եւ ինչ որ մեզի յոյս կու տայ այդ մահուան դէմ, այդ է լաւագոյն աւետիսը, լաւագոյն լուրը։ Մենք ահա Զատիկով, Ս. Յարութեան Տօնով, այս մեծ աւետիսը կը յայտարարենք. Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ, իրապէս մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Եւ այս մեծ դէպքը մենք կը յիշենք օրեր շարունակ։ Քառասուն օրեր մենք զիրար պիտի ողջունենք, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ըսելով։ Որովհետեւ եկեղեցին լաւ հասկցած է, այս դէպքին կարեւորութիւնը, զոր կ՚ուզէ իր հաւատացեալներուն սորվեցնել։ Մենք Յարուցեալ Փրկչի հետեւորդներն ենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ուր որ ես եմ, այնտեղ պէտք է ըլլայ նաեւ իմ ծառաս» (Յովհ. 12.26)։ Եւ մենք կ՚ուզենք ըլլալ այն տեղ, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս կը գտնուի։ Կ՚ուզենք յաւիտենապէս Իր քով գտնուիլ եւ Ան կը սիրէ մեզ։ Իր սէրը հեքեաթ չէ, Խաչին վրայ փաստեց իր մեծ սէրը, իր սիրտը տուաւ մեզի։ Եւ մենք ծակեցինք ու այդ ծակէն ջուր եւ արիւն բղխեցաւ, փրկելու համար մարդկութիւնը։ Անոր արեան զօրութիւնը, այս աշխարհի վրայ է եւ մենք առիթներ ունինք, հաւատալու մեծ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Ուրիշ յոյս չունինք մենք, մահուան դէմ ուրիշ դեղ ու դարման չունինք։ Յիսուս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, եւ այս է մեր միակ յոյսը։

Տէր Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհը» (Յովհ. 14.6), «Ես եմ կեանքը» (Յովհ. 14.6), «Ես եմ ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 14.6), «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 11.25), մահուան եւ կենաց բանալիները իմ ձեռքիս մէջ կը գտնուին։ Ով որ ինծի կը հաւատայ չմեռնիր, որովհետեւ մահուանէ դէպի կեանք անցած է արդէն։

Յիսուս Քրիստոսի ճամբան մեզ կ՚առաջնորդէ մահէն դէպի կեանք։ Եւ մենք կը հետեւինք անոր։ Անոր կը վստահինք։ Ազգովին մեր հաւատքը անոր վրայ դրած ենք։ Մեր եկեղեցին դարերու ընթացքին, յատկապէս Զատիկի տօնը շատ սիրած է ու կարեւորութիւն ընծայած։ Որովհետեւ մեր ազգը իր ճակատագիրը տեսած է այս Զատիկին մէջ։ Որոհետեւ Զատկուան մէջ երկու խորհուրդ քով քովի են. Խաչը եւ Յարութիւնը։ Միայն խաչը չէ, միայն գերեզմանը չէ, այլ՝ Յարութիւնը։ Որքան կը նմանի մեր ազգի պատմութեան։ Մեր պատմութիւնը մեր ազգին հրամցուցած է ինչ ինչ դժոխքներ, ինչ ինչ մահեր, ինչ ինչ կորուստներ, պարտութիւններ։ Բայց մեր ազգը միշտ Խաչին նայած է եւ հոն գտած է յարութեան խորհուրդը։ Ծունկերուն վրայ կենալէ յետոյ, վերստին կանգնած ու յարութիւն առած է։ Բիւնիկի նման, իր մոխիրներէն վերստին ծնած է։ Թող այս Զատկուան տօնն ալ այսպէս ըլլայ։ Վերստին կանգնինք։ Տօնական օրերը միանալու օրեր են։ Սեղաններու շուրջ միանալու, եկեղեցիներու մէջ միանալու, բայց ամենէն կարեւորը՝ մեր իտէալին շուրջ միանալու, մեր հաւատքին շուրջը միանալու, մէկ կողմ թողլով գժտութիւնները եւ հաշտուելով՝ իրարու հետ։ Համավարակը կը ստիպէ, որ մենք առանձին ըլլանք, բայց պէտք է միջոցներ գտնենք, որ առանձին չըլլանք։ Որովհետեւ մեր թշնամին՝ սատանան կ՚ուզէ մեզ առանձին գտնել։

Զատկուան կապուած դէպքերը ունին հարուստ մանրամասնութիւններ։ Երբ Տէր Յիսուս տանջուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, իր աշակերտները վախցած էին եւ յուսահատ։ Կար Յուդա Իսկարիովտացին։ Ան զղջացած էր եւ խիղճը կը տանջէր զինքը։ Յուդան առանձին էր եւ չէր կրնար մխիթարուիլ։ Եթէ կարողանար իր ընկերներուն քովը երթալ, թերեւս կրնար վերստին սկսիլ։ Թերեւս Տէրը զայն ալ կրնար ներել, ինչպէս ներեց Պետրոսը։ Բայց Յուդան չըրաւ եւ առանձին մնաց։ Առանձին մնաց իր մտահոգութիւններուն մէջ եւ անձնասպան եղաւ։ Միւսներն ալ կը տառապէին։ Միւսներն ալ ուրացած էին Քրիստոսը եւ փախած էին քովէն։ Միւսներն ալ յուսալքուած էին, տխուր էին։ Բայց միասին էին։ Միասին կը բաժնէին իրենց բոլոր նեղութիւնները։ Իրարմէ մխիթարութիւն կը գտնէին։ Ցաւը միասին քաշեցին, միասին լացին, միասին վախցան, բայց երբ որ Յարութեան աւետիսը եկաւ, միասնաբար զօրացան։

Զատիկը պէտք է մեզի բերէ միասնականութեան ոգի։ Մեր ազգին գլխուն եկածներուն ցաւը միասին կրենք։ Այս համավարակի ցաւերը միասնաբար պէտք է կրենք։ Որովհետեւ երբ ցաւերը միասին կը կրենք, անոնք կը մեղմանան։ Միասին բաժնուած ուրախութիւնները կը բազմանան։ Սիրելիներ, այս զատկուան ուրախութիւնը ապրեցէ՛ք։ Նիւթական պայմանները կրնան յարմար չըլլալ, կարմիր հաւկիթներով հաւկթամարտի համար կրնայ ըլլալ որ ձեր շուրջը բաւական հիւրեր ու բարեկամներ չունենաք, նաեւ կրնաք այցելութիւններ չկատարել։ Կրնայ ըլլալ, որ ձեր ընտանեկան կամ բարեկամական շրջանակներէն ներս կորուստներ ունեցած ըլլաք։ Բայց եւ այնպէս, Զատիկը կարելի չէ ընկալել միայն այս նիւթական արժէքներով։ Զատիկին սրտանց կը հրճուինք, որովհետեւ Աստուած մեզ հետ է։ Աստուած այնքան կը սիրէ մեզ, որ իր Միածին Որդին տուաւ եւ մենք այս լուրով պէտք է ուրախանանք եւ Զատկական ուրախութիւնը մեր իսկական ուրախութեան վերածենք։ Զատիկ բառը մեր բոլորին, բոլոր Քրիստոնեաներուն մականունին պէտք է վերածուի։ Մենք Զատկուան զաւակներ ենք, Յարութեան Որդիներ ենք։ Շնորհաւոր ըլլայ ձեր բոլորին։

Սիրելի Ժողովուրդ,

Մեր հաւատքին մէջ խորացած, յոյսով խրախուսուած, սիրով զօրացած, շարունակենք քալել Յարուցեալ Փրկչի լուսաւոր ուղիէն։ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան խորհուրդով այսօր անգամ մը եւս քաջալերուած, ողջունենք զիրար, աւետելով

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

Սուրբ Զատկուան կենսանորոգ տօնին առիթով կ’ողջունենք ու սիրով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Զատկուան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք գաւառաբնակ մեր ժողովուրդը եւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Զատկուան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Զատկուան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ե՛ւ օրհնեա՜լ է լոյսը թափուր գերեզմանի, այժմ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս,

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ