ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ  

Kategori: Փաստաթուղթեր

Յետ Պատրիարքական Ընտրութեան Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահը Հանրապետական Համալիրին մէջ ընդունած էր Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Նորին Վսեմութեան նկատառման յանձնած էր համայնքային կարեւոր հարցեր եւ Վսեմ. Նախագահը անմիջական լուծման համար յայտնած էր իր կամքը եւ տուած՝ հարկաւոր հրահանգներ։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը 22 Մայիս 2020 թուականին Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ էրտօղանի ուղարկած գրութեամբ մը մաղթած է որ Քորոնայի Համավարակի շրջանին երկրին դիմագրաւած դժուարին ընթացքը ժամ առաջ վերջ գտնէ եւ բնականոն ընթացքը վերահաստատուի։ Այս մաղթանքին առընթեր Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծած է ըսելով. «Այս դժուարին օրերուն մեր ապրած խաղաղութիւնը եւ վստահութիւնը կը պարտինք ձեր առաջնորդութեամբ յառաջ տարուած հոյակապ ջանքերուն եւ աշխատանքին»։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայիս Քորոնա Համավարակին մեր երկրին համար առաջնահերթութիւն  զգեցած ըլլալը ընդգծելէ ետք,  անդրադարձած է, լուծման կարօտ համայնքային հարցերու եւ ի մասնաւորի համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութեան հարցին, յայտնելով իր կատարեալ վստահութիւնը, պատշաճին տնօրինութեան կապակցութեամբ։

 

Մեր համայնքին կը հաղորդենք թէ, այս կարեւոր հարցերը լուծման համար արդէն իսկ Պետութեան ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնարանի օրակարգին վրայ կը գտնուին, լուծման համար դրական կամք դրսեւորուած է եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Այժմու առաջնահերթութիւն զգեցած առողջապահական եւ բնականոնացման ընթացքէն անմիջապէս յետոյ, այս հարցերը ձեռք պիտի առնուին եւ լուծում պիտի գտնեն , որուն համար կատարեալ վստահութիւն ունինք։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ