ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Համայնքային

86Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 24 Յունիս 2005 Ուրբաթերեկոյեան այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուրդիմաւորուեցաւ տեղւոյն երէց Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Նալպանտեանի,Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամներուն կողմէ,գլխաւորութեամբ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ այցելեց Յովհաննէս ԲաղիշեցիԿոլոտ Պատրիարքի շիրիմը, եւ իր ուխտի աղօթքը կատարելէ ետք,բարձրացաւ խորհրդարան, ուր Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Քույումճեան-Մարկոսեանի, Վարժարանի հիմնադիր՝ ԿարպիսՊաքմումճուի եւ Խնամակալութեան անդամներուն հետխորհրդակցեցաւ Երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքիգահակալութեան 290ամեակի առիթով կատարելի ձեռնարկներուն մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը թելադրեց նաեւ, որ Հայ Գրերու Գիւտին1600-ամեակի առիթով եկեղեցւոյ մէջ կախուած Ս. Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի յաջող սրբանկարները վերածել բացիկներու եւ էջանիշներուեւ զանոնք դնել լայն շրջանառութեան։ Խորհրդակցութեան ընթացքինխօսուեցաւ նաեւ եկեղեցին վերաներկելու անհրաժեշտութեան մասին։