ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՊՈԶԱՊԱԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

187Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2005, Շաբաթ երեկոյեան, եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տ. Ներսէս Արքեպսկ. Պոզապալեանին եւ երէց քրոջ՝ Մարի Պոզապալեանին, որոնք իրենց ամրան արձակուրդն կ՚անցընեն Գնալը Կղզիի Պատրիարքական ամարանոցին մէջ։

Ներսէս Սրբազան, որ Երանաշնորհ Շնորհք եւ Գարեգին Բ Պատրիարքներու ժամանակ յաճախ Պոլիս այցելած է, ամրան արձակուրդին՝ պաշտամունքի կը մասնակցի Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Օրդ. Մարի Պոզապալեան, որ երկար տարիներ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի Երգչախումբին մաս կազմեց իբր մեներգչուհի, ունի նաեւ երաժշտական ինքնատիպ յօրինումներ, կարեւոր մասամբ Ներսէս Սրբազանի բանաստեղծութիւններուն վրայ հիմնուած։ Իր երկերը հաւաքուած է գրքի մը մէջ։ Բաց աստի, Օրդ. Պոզապալեան իր հանգուցեալ մօր կեանքին հոգեւոր դրուագներն ալ ամփոփած է գրքոյկի մը մէջ, որմէ օրինակ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Գերյ. Ճոն Ուըլի։