ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԼԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան իշխանութիւններուն Պատրիարքական Աթոռին եւԹուրքիոյ Հայ համայնքին ցաւակցութիւնները փոխանցեցահաբեկիչներուն կողմէ Լոնտոնի մէջ արձակուած ռումբերունհետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն համար։

Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ Վեհափառ Թագուհիին, Բրիտանիոյ ՎարչապետԹոնի Պլէյրին, Անգլիկան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ՝ ՔէնթըրպըրիիԲարձրաշնորհ Ռոըն Ուիլիըմզ Արքեպիսկոպոսին, Անքարայի մօտԱնգլիոյ Աւագ Դեսպան՝ Սըր Փիթըր Ուէսթմաքոթին եւ ՍտանպուլիԱնգլիոյ Աւագ Հիւպատոս՝ Պարպարա Հէյին եւ Անգլիկան ԵկեղեցւոյՍտանպուլի ներկայացուցիչ Գերյ. Հ. Իըն Շըրուըտին յղածցաւակցական նամակներուն մէջ երէկուան ահաբեկչութիւնը «մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք մը» որակելով աւելցուց. «չեմ կրնար երեւակայել իսկ որ որեւէ կրօնք հաշտ աչքովդիտէ գործուած վայրագութիւնը»։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ Կիրակի Թուրքիոյ բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կըկատարուի բոլոր զոհերուն համար որոնք կը պատկանէին տարբերազգերու եւ կրօնքներու։