ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆՏԻՈՔ ԺԱՄԱՆԵՑ

Kategori: Եկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեշնորհ միաբաններ Հայր Սահակ Մաշալեան, Հայր Եղիշէ Ուչքունեան, Հայր Զաքէոս Օհանեան աբեղաներու եւ Մայր Տաճարի երէց` Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, 4 Մարտ 2005, Ուրբաթ ուշ երեկոյեան Անտիոք ժամանեց եւ իջեւանեցաւ տեղւոյն Սավոն հիւրանոցը։

Նորին Ամենապատուութիւնը պատմական Կիլիկիա փոխադրող սաւառնակը ժամը 19.00ին վայրէջք կատարեց Ատանայի օդանաւակայանը։ Պատրիարք Հայրը օդանաւակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Իսկենտէրունի, Գըրըքխանի եւ Վագը‎‎ֆգիւղի եկեղեցիներուն Ծխական Խորհուրդներու անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այնուհետեւ ճամբորդեց Պատրիարքարանի պաշտօնական ինքնաշարժով, որ առաջուց Ատանա հասած ըլլալով կը սպասէր իրեն։

Այս տարուան Մեծ Պահոց ուխտագնացութեան կը մասնակցին Պոլսէն, Անգարայէն, Խարբերդէն, Մերսինէն, Ատանայէն, Հայաստանէն մօտաւորապէս 300 ուխտաւորներ, որոնք օթօպիւսով, օդանաւով, ոմանք ալ սեփական միջոցներով կը շարունակեն ժամանել Անտիոք։ Օթօպիւսներէն երկուքը Անտիոք իջնելէ առաջ հանդիպեցան Կեսարիա, այցելեցին տեղւոյն պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուր իրենց ուխտի աղօթքները կատարելէ ետք, իրենց ճամբան շարունակեցին դէպի հարաւ։

Այս շաբաթավերջին ուխտի աղօթքներ ու հանդիսաւոր արարողութիւններ պիտի կատարուին Վագը‎‎ֆգիւղի Ս. Աստուածածին, Գըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիներուն եւ Անտիոքի Ս. Պետրոսի քարայր¬մատրան մէջ, որ համաքրիստոնէական սրբավայր հռչակուած է։

Անտիոքի եւ շրջակայից յաջորդ ուխտագնացութիւնը տեղի կ‏‏þունենայ Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով 12¬14 Օգոստոսին։

<>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <><
ԼՐԱԲԵՐ 04/03/2005
Հայոց Պատրիարքարանի Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikligi, TR-34130 Kumkapi, Istanbul
Տնօրէն` Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր` Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան
Բ. Խմբագիր` Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ բանբեր`  Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
T: +90 (212) 517-0970
F: +90 (212) 516¬4833
E-mail: lraper@lraper.org
<>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <>< <><