ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ

Kategori: Համայնքային
186

Պատրիարք Հայրը… Տնօրէնուհի Թալին Նայիր (աջէն 5-րդ) եւ կամաւոր երիտասարդներ

185

Պատրիարք Հայրը Կազդուրման Կայան մնացող մանուկներէն խումբի մը եւ վարիչներուն հետ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2005, Շաբաթ երեկոյեան, այցելութիւն տուաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանին։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Կազդուրման Կայանի Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի եւ Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Սեւան Չավուշեանի եւ միւս վարիչներուն հետ խորհրդակցեցաւ Կայանի առօրեայ կարիքներուն շուրջ։ Ապա Ճամպազեան խաղավայրն իջնող Պատրիարք Հայրը այցելեց ամառը Կազդուրման Կայանին մէջ մարմնամարզութեամբ եւ հանգիստով անցընող մանուկները եւ կամաւոր հսկիչ երիտասարդները։

Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի համաձայն, այս ամառ Կազդուրման Կայանի կարելիութիւններէն կ՚օգտուին ընդամէնը 205 մանուկներ։