ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՅՑԵԼԵՑ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պոլիսէն 85 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը եւ
Ս. Վարդանանց Երգչախումբը եւս այցելեցին Ս.Քաղաք

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 25 ԱպրիլԵրկուշաբթի երեկոյ Ս. Երուսաղէմ մեկնեցաւմասնակցելու համար Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկիհանդիսութիւններուն, որոնք Սուրբ Երկրի հայերունկողմէ կը կատարուին Յուլեան տոմարին համաձայն։Նորին Ամենապատուութեան կ՚ուղեկցէին Ս. Աթոռիմիաբաններէն Հոգշ. Հայր Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան, Հոգշ. Հայր Զաքէոս Աբղ. Օհանեան եւ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ.Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Ուխտագնացութեան կը մասնակցէին նաեւ ՖէրիգիւղիԵկեղեցւոյ Սրբոց Վարդանանց Դպրաց ԴասԵրգչախումբի անդամները եւ պոլսահայուխտաւորներու 85 հոգինոց խումբ մը։