ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

45Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 26 Մայիս 2005, հինգշաբթիկէսօրէ առաջ, պատրիարքական ամարանոցին մէջ ընդունեց ԳնալըԿղզիի Կազդուրման Կայանի նոր վարչութեան անդամներըգլխաւորութեամբ Սեւան Չավուշեանի։

Կազդուրման Կայանի վարիչները նախ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմատուցին 2004 տարեշրջանի  ելեւմտից հաշուեկշիռը, որուն համաձայն հաստատութեան պիւտճէն հասած է  190,000 ՆԹԼ-իսահմանները։ Անցեալ տարիէն այս շրջանին փոխանցուած է 6,000ՆԹԼ։

Վարչութեան անդամները Նորին Ամենապատուութեանհովանաւորութիւնը խնդրեցին Կազդուրման Կայանի 2005տարեշրջանի բացման հանդիսութիւններուն։ Պատրիարք Հայրը սիրովընդառաջեց վարիչներու փափաքին եւ ըսաւ, որ անցեալ տարիներունման Վարդավառի հանդիսութիւններէն անմիջապէս յետոյ 10Յուլիսին Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցելիՍ.Պատարագով պաշտօնապէս կը վերաբացուի ամրան կայանը։ Այդառիթով կը կատարուի նաեւ պաշտօն ի հանգիստ Պոյաճըգիւղիկայանի հիմնադիր Երանաշնորհ Գարեգին Ա Պատրիարքի եւ Գնալըիկայանի հիմնադիր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի հոգիներուն։

Գարակէօզեան Տան Գնալը Կղզիի ԿազդուրմանԿայանի 2005 տարեշրջանի վարիչներն են. ՍեւանՉավուշեան (Ատենապետ), Սեւան Քաջեան (Բ.Ատենապետ), Թամար Քարասու (Ատենադպիր), ՊերճՄենզիլճեան, Դանիէլ Եըլտըզճեան, ՆուրհանՓէքքիւչիւքեան, Բարսեղ Ճանճիկեան, ՈվսաննաՔալենտէր, Կարօ Տէղիրմէնճեան, Ազնիւ Մեծատուրեան։