ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՆՈՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

46Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 28 Մայիս 2005 Շաբաթ ժամը16.00-ին ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւԱզգային Կեդրոնական Վարժարանին նորընտիր խնամակալութեանանդամները, որոնք փութացեր էին վարչական նոր շրջանին սեմինստանալու մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնը։

2005-2009 շրջանի խնամակալութեան ատենապետ՝ Մկրտիչ Արծիւեանմի առ մի ծանօթացուց Խնամակալութեան նոր անդամները,տեղեկութիւն մատոյց Կեդրոնական Վարժարանի պիւտճէին եւյառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը խորապէս գնահատեց 2001-2005 շրջանիատենապետ Բարձր Ճարտարապետ Արման Շիրինօղլուն, որ վայելեցմեր համայնքի անվերապահ սէրն ու վստահութիւնը, ՂալաթիոյԽնամակալութեան ատենապետի իր պաշտօնին առընթեր մասկազմեց բազմաթիւ համայնքային յանձնախումբերու, որոնցկարեւորագոյնն էր Ազգային Պատրիարքարանի պատմականհամալիրին Նորոգութեան Յանձնախումբի ատենապետութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ 2005-2009 շրջանիխնամակալութեան ընտրութիւնը բոլոր անդամներուն մաղթելովյաջողութիւն իրենց ազգանուէր ծառայութեան մէջ։

Ղալաթիոյ 2005-2009 շրջանի խնամակալութեանանդամներն են. Մկրտիչ Արծիւեան, ՅարութիւնԷպէօղլու, Վարդավառ Ճավաք, Երուանդ Չաքարօղլու,Անթոնի Քարատայը, Մինաս Քափուսուզ, ԳարեգինԶալըշքան, Արիս Թուրաչ, Կարպիս Ունան, Տողան Կիւկիւշ, Սիմոն Օրալ, Լորան Արշաւիր Մուրատօղլու,Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան։