ՊԱՀՔԸ ՍՈՒՐԲ ԳՐՔԻՆ ՄԷՋ (4)

Kategori: Կրօնական

Նախորդ համարին մէջ տեսանք այն ինչ որ պահքի մասին գրուած է Եսայի մարգարէի գրքին մէջ։ Այսօր կþանդրադառնանք Պօղոս Առաքեալի Հռովմի Եկեղեցիին ուղղած նամակին, ուր ան կը պատուիրէ հաւատացեալներուն միջամուխ չըլլալ ուրիշներու պահեցողութեան ձեւին կամ բովանդակութեան եւ չդատել ուրիշներու կիրառումները։ Շատ այժմէական եւ տեղին ազդարարութիւն մը, որ կու գայ խօսելու մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Ան, պահքի մասին այնպիսի գաղտնիք մը կը սորվեցնէ, որ կրնայ փրկել զմեզ պահքը աղաւաղող վտանգներէ։

Պօղոս Առաքեալ հետեւեալը կþըսէ իր նամակին մէջ. «Ան որ կþուտէ՝ թող չարհամարհէ չուտողը. իսկ ան որ չþուտեր՝ թող չդատէ ուտողը» (Հռովմ. 14.3)։
Պահքը, ինչպէս տեսանք ասկէ առաջ, հոգեւոր վարժութիւն մըն է, որ մեզ հոգեպէս կը մարզէ ու Տիրոջ կը մօտեցնէ։ Պահքը այնպիսի հոգեւոր ոյժ մը կը կրէ իր մէջ, որ մարդուն վրայ Աստուծոյ գութը կը շարժէ եւ հոգեւոր կեանքի նորոգութեան կը սատարէ։ Այսինքն բոլորովին ներանձնական կեանքին ու Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հաղորդակցութեան հետ առընչուած է։ Պահողը ակնկալութիւն մը ունի՝ Աստուծմէ։ Ճիշդ այստեղ է, որ Պօղոս Առաքեալ կը զգուշացնէ մեզ։ Մենք, մանաւանդ պահոց շրջաններուն, ուրիշներու պահելու ձեւը քննադատելով, պահքէ ստացուելիք օգուտը կորսնցնելու վտանգին հետ դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Տէր Յիսուս կþարգիլէ ուրիշները դատելը։ Ան աչքի մէջի գերանի օրինակով մեզի կը սորվեցնէ նախ մե՛ր կեանքը ուղղել։ Իսկ եթէ մենք մեր կատարած պահքի ձեւին կառչելով կը դատենք ուրիշները, այս անգամ պահեցողութիւնը ծուղակի մը կրնայ վերածուիլ։ Հոգեւոր վարժութիւն մը, որ մեզ խոնարհութեան պէտք է առաջնորդէր, կրնայ հպարտութեան պատճառ դառնալ։ Այդ պարագային, ի զուր նեղութիւն կրած, եւ պահքով ոչ թէ արդարացած, այլ աւելի դատապարտելի դարձած կրնայինք ըլլալ։

Մաքուր սրտով եւ սուրբ հաւատքով պահեցողութիւն կատարող ուղղամիտ մարդը, արդէն պէտք է զբաղի իր ներանձնական կեանքով։ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին պահեցողութիւն կատարող հաւատացեալը կը նմանցնէ հիւանդութենէ ազատելու համար ջանք տանող հիւանդի մը, իսկ ուղիղ պահքը՝ դեղի։ Եթէ հիւանդը այլեւս չգործածէ իր դեղերն ու զբաղի ուրիշներու համար պատրաստուած դեղերով, պիտի չկրնայ բուժուիլ։ Իսկ ան, որ կþուզէ ազատիլ իր տառապանքներէն, արդէն ինքն իր ցաւն ունի եւ ժամանակ չþունենար ուրիշները դատելու համար։

Պօղոս Առաքեալի խրատը աւելի ուղեցոյց մըն է քան ազդարարութիւն. հայելի մը՝ որուն մէջ կը տեսնենք թէ մենք ինչպիսի հոգեվիճակով կը կատարենք պահեցողութիւնը։ Եթէ կը դատենք ուրիշները իրենց պահեցողութեան ձեւին համար, կը նշանակէ թէ՝ մենք ոչ թէ հետամուտ ենք մեր հոգեւոր կեանքի թարմացման, այլ պարզ խօսքով «տիէթ» մը կը կատարենք, որ հոգեպէս ոչ մէկ օգուտ ունի մեզի համար։

Ուրեմն պահքի ժամանակ մենք մեր ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռենք մեր ներքին նորոգութեան։ Այսպէս է, որ առաւել օգուտ պիտի քաղենք մեր կատարած պահեցողութիւններէն։

Տրդատ Քհն. Ուզունեան
(Շարունակելի)