ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 7 Ապրիլ 2005 Հինգշաբթիերեկոյեան Վատիկան կը մեկնի, ուղեկցութեամբ ՊատրիարքականԱթոռի միաբաններէն` գաւազանակիր Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ.Անուշեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը 8 Ապրիլ 2005 Ուրբաթառաւօտ կը մասնակցի Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս Բ ՍրբազանՊապի յուղարկաւորութեան առթիւ մատուցելի Ս. Պատարագին։

Նորին Ամենապատուութիւնը Հինգշաբթի երեկոյեան Հռոմ կըճամբորդէ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք ՆորինՍրբութիւն Բարթոլոմէոս Աի հետ։

Հռոմի մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը առիթ կ՚ունենայ նաեւհանդիպելու  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, որոնքՍրբազան Պապին յուղարկաւորութեան առիթով Հռոմ կը ժամանենիրենց պատուիրակութիւններով։

Նորին Ամենապատուութիւնը Աթոռ կը վերադառնայ Ուրբաթ ուշերեկոյեան։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ