ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 20-ՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՈՒԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

184Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս 2005,Երեքշաբթի, կը մեկնի Քէօլն, Գերմանիա եւ Իր Աթոռը կըվերադառնայ 22 Օգոստոսի երեկոյեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը Գերմանիա հրաւիրուած է ՄայնցիԵպիսկոպոս եւ Գերման Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Ժողովի Նախագահ՝Բարձր. Կարլ Լեհման Կարտինալին  եւ Քէօլնի Արքեպիսկոպոս՝Բարձր. Եոախիմ Մայզնէր Կարտինալին  կողմէ, մասնակցելուհամար 20-րդ Համաշխարհային Երիտասարդաց Օրուան։

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս. Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպումկ՚ունենայ Միւնսթէրի Կաթոլիկ Աշակերտներու Միութեան հետ։

Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս. Նորին Ամենապատուութիւնը կը մասնակցի «Սիրոյ եւ Արդարութեան Հետապնդում¦ անուն բեմայինյայտագրի մը – Մարտին Պուխհոլցի հետ հրապարակային զրոյց մը,որ կը կեդրոնանայ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան եւհաշտութեան թեմաներուն վրայ։

Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս. Նորին Ամենապատուութիւնը կը մասնակցիայլ հրապարակային զրոյցի մը՝ այս անգամ Ախընի Գերշ. ՀայնրիխՄիւսինկհոֆ Եպիսկոպոսին հետ Միւնսթէրի ԿաթոլիկԱշակերտներու Միութեան §Եղբայրութեան Նաւ¦ուն մէջ։ Զրոյցինիւթը. §Մենք Աբրահամի զաւակներն ենք՝ Քրիստոնեաներ եւԻսլամներ  կրնա՞նք իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրիլ։Ներշնչուելով Աւետարանէն, կարելի է հաշտութիւն գտնել¦։

Ուրբաթ, 19 Օգոստոս. Նորին Ամենապատուութիւնը ՎատիկանիԿաթոլիկ Դաստիարակչութեան Գերատեսչութեան Վարիչ՝ Բարձր.Զենոն Կրոխոլէվսկի Կարտինալի եւ Գերշ. Միւսինկհոֆեպիսկոպոսին հետ կը մասնակցի Համալսարաններու մէջՀովուական Աշխատանքի մասին ՄիջազգայինՊատուիրակութիւններու Համագումարին։

Շաբաթ, 20 Օգոստոսի երեկոյեան. Նորին Ամենապատուութիւնը,Հռոմի Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. ՍրբազանՔահանայապետի  եւ երիտասարդներու հետ կը մասնակցի Հսկումիարարողութեան։

Կիրակի, 21 Օգոստոսի առաւօտեան. Նորին Ամենապատուութիւնը կըմասնակցի Ս. Պատարագին, զոր կը մատուցանէ Հռոմի Պապ՝Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը։

Երկուշաբթի, 22 Օգոստոսի երեկոյեան. Նորին Ամենապատուութիւնըկը վերադառնայ Պոլիս։

Քէօլնի մէջ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ուղեկցին գաւազանակիր՝Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Ճէսի Մանթուրութիլ եւՄիքայէլ Պրունինկ՝ երկուքն ալ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցելու համար նշանակուած երիտասարդ համալսարանականներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը առիթ կ՚ունենայնաեւ  հանդիպում ունենալու Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Գարեգին Արք. Պէքճեանի հետ։