ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՌՈՄԻ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Kategori: Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Երանաշնորհ Յովհաննէս-Պօղոս Բ Սրբազան Պապի վախճանմանառիթով ցաւակցական գիր ուղարկեց Հռոմի ՍուրբԱթոռի Կամերլենգօ (տեղապահ) սպանացի կարտինալ`Բարձրաշնորհ Արքեպիսկոպոս Էտուարտօ Մարտինէզ Սոմալոյին։
Նորին Ամենապատուութիւնը նամակին մէջ յիշեցԵրանաշնորհ Պապին Պոլսոյ Պատրիարքութեան տուածայցելութիւնը 1979ի Նոյեմբերին, նաեւ զանազանառիթներով իր ունեցած հանդիպումները Հռոմիհանգուցեալ քահանայապետին հետ։
Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ ԵրանաշնորհՅովհաննէս-Պօղոս Բ Սրբազան Պապը անանձնականսէր ու հաւատք ունէր Աստուծոյ նկատմամբ, մեր Տիրոջեւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սբ. Աւետարանինամենահռչակաւոր քարոզիչն էր, միջազգայինխաղաղութեան, Քրիստոնեաներու եւ այլ կրօններուհետեւորդներուն միջեւ երկխօսութեան եւ հաշտութեանմերօրեայ առաքեալը` եւ մանաւանդ մերժամանակներու բարոյականութեան եւ արդարութեանանվհատ ձայնը եղած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնըայս առթիւ Երանաշնորհ Քահանայապետը կոչեց «ՀայԵկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ»։
Պատրիարք Հայրը նման ցաւակցականներ ուղարկեցնաեւ Կարտինալ Անջելօ Սոդանոյին, Կարտինալ ԺոզէֆՌաձինկէրին, Կարտինալ Ուալթըր Կասփէրին եւԱնգարայի Պապական Նուիրակ` Էտմոնդ ՖարհատԱրքեպիսկոպոսին։
Երանաշնորհ  Յովհաննէս-Պօղոս Բ Սրբազան Պապըյիշուեցաւ նաեւ Կրկնազատիկի առթիւ Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջմատուցուած Սբ. Պատարագին, ձեռամբ Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Կը Մասնակցի Սրբազան Պապի Յուղարկաւորութեան
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 7 Ապրիլ 2005Հինգշաբթի երեկոյեան Վատիկան կը մեկնի,ուղեկցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն`գաւազանակիր Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեանի։Նորին Ամենապատուութիւնը 8 Ապրիլ 2005 Ուրբաթառաւօտ կը մասնակցի Երանաշնորհ Յովհաննէս ՊօղոսԲ Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան առթիւմատուցելի Ս. Պատարագին։