ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Միջկրօնական

ԶԵԿՈՒՑԵՑ «ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ
ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

58«Ժողովրդավարութեան եւ Համաշխարհային Անվտանգութեան Համագումարը» որ կը տեւէ երեք օր, երէկ ժամը 10.00-ին սկսաւ Եըլտըզի Հիլթըն Քոնրատ հիւրանոցին մէջ։

Անգարայի Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ հրաւիրուած ըլլալով, բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին 68 երկիրներէն աւելի քան 700 նախարարներ, ապահովութեան տնօրէններ, դիւանագէտներ, ակադեմականներ։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Հրէից Խախամապետ՝Իցխաք Հալէվա եւ Վատիկանի ներկայացուցիչ՝ Գերյ. Մոնս. Ժորժ Մարովիչ։

Բացման ուղերձներով հանդէս եկան Ապահովութեան ԸնդհանուրՏնօրէն՝ Կէօքհան Այտընէր եւ Ներքին Գործոց Նախարար՝Ապտուլքատիր Աքսու։ Վարչապետ Րէճէփ Թայյիպ Էրտողան, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի,
բացման հանդիսութեան Ուաշինկթընէն մասնակցեցաւ հեռարձակմամբ։ Համագումարի մասնակիցները Վարչապետի բովանդակալից ուղերձին հետեւեցան պատին վրայ զետեղուած ընդարձակ պաստառին վրայէն։

ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ
Համագումարի ծիրէն ներս, երէկ ժամը 16.00-ին, «Կրօնք եւԱհաբեկչութիւն» թեմայով գիտական նիստ գումարուեցաւնախագահութեամբ Թուրքիոյ Իսլամաց Կրօնից Տեսուչ՝ ԱլիՊարտաքօղլուի, որ նիստը բացաւ Մահմետականութեան մասինտուած ընդհանուր տեղեկութիւններով։ Ապա զեկուցումներով հանդէսեկան կարգաւ՝ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Գերյ. Մոնս.Ժորժ Մարովիչ եւ Խախամապետ Իցխաք Հալէվա։

Պատրիարք Հօր զեկուցման առաջին բաժինը կը բաղկանար եկեղեցական կանոնագիտութենէն վերցուած նմոյշներով ընդհանրապէս մարդասպանութեան եւ ահաբեկչութեան մասին։ Իրչեկուցման երկրորդ բաժնին մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը ամփոփեց Թուրքիոյ կրօնական յարանուանութիւններուն կողմէ երկրէ ներս եւ դուրս տարուած միջեկեղեցական եւ միջկրօնականաշխատանքներուն մասին ընդդէմ պատերազմի եւ ահաբեկչութեան։Զեկուցման հետեւեցան շուրջ 200 հոգի, կարեւոր մասամբ թուրքդիւանագէտներ, ոստիկանապետներ, ապահովութեան պաշտօնեաներ,ակադեմականներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

59ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նորին Ամենապատուութիւնը, հետն ունենալով գաւազանակիր՝ Արժ.Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանը, ժամը 18.30-ին մասնակցեցաւՀամագումարի բացման առթիւ տրուած ընդունելութեան՝Տոլմապահչէի պալատին պարտէզներուն մէջ։ Այստեղ, ՊատրիարքՀայրը շուրջ քսան վայրկեան առանձնացաւ Ներքին Գործոց Նախարարին եւ Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնին հետ շատ ջերմմթնոլորտի մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւսանդրադարձաւ Թուրքիոյ հայ համայնքին հետ կապուած ինչ ինչնիւթերու որոնք կ՚առընչուին Ներքին Գործոց Նախարարութեան հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց նաեւ Տիգրանակերտի Ս.Կիրակոս եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուանմխիթար վիճակը եւ խօսեցաւ սոյն եկեղեցիներու ընտրականշրջաններուն ընդլայման մասին, որպէսզի այլ նահանգներու մէջբնակող հայազգի հայրենակիցներ ալ կարողանան անդամ դառնալանոնց թաղային խորհուրդներուն, քանի որ այս եկեղեցիները կըպատկանին Թուրքիոյ բոլոր հայազգի հայրենակիցներուն։ Նախարարը խոստացաւ քննարկել այս ուղղութեամբ մատուցուած եւ մատուցելիխնդրագիրները։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու գաւազանակիրը ժամը 20.00-ի շուրջ Տոլմապահչէէն մեկնեցան, Մաչքայի Սուիսօթէլ Պոսֆորուս հիւրանոցին մէջ այլ ձեռնարկի մը մասնակցելու համար։