ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Յունիս 2005 Երկուշաբթի ժամը 18.00-ին նախագահեց իր խորհրդականներուն եւ Իրաւաբանական Խորհուրդի անդամներուն խառն նիստին։

Խորհրդակցութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր Յովհաննէս Կիւմիւշեան կտակի իրաւական կարգավիճակը։ Յետ գաղափարներու փոխանակութեան, որոշուեցաւ այս մասին որեւէ քայլ առնելէ առաջ սպասել Վաքըֆներու մասին նոր օրէնքի պաշտօնականացման։