ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը գումարուեցաւ 13 Յուլիս 2005, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին,նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի։

Ժողովական հայրերը քննարկեցին Հայաստանի ԳիտութիւններուԱզգային Ակադեմիայի Նախագահութենէն ստացուած 23 Յունիս 2005թուակիր նամակը, որով Պատրիարքարանէն կը խնդրուէր Տքթ. ԱրաՍարգսեանին «ցոյց տալ ամենայն աջակցութիւն, իր գիտականաշխատանքները աւարտելու նպատակով»։ Նկատի ունենալով, որ Տքթ. Արա Սարգսեան վերջին ամիսներուն արդէն իսկ երկու անգամ Պոլիս եկած էր եւ սակայն ոչ մէկ նշան կար որ յիրաւի կը զբաղէր «ՀայԳրերու Գիւտի 1600-ամեակի» ուսումնասիրութեամբ, որոշուեցաւընթացք չտալ Ակադեմիայի պահանջին, եւ միանգամայն յանձնարարելոր տնտեսական կապեր մշակելու համար շփման մէջ մտնուէր ոչ թէհոգեւոր հաստատութիւններու՝ այլ տնտեսական, առեւտրական կամքաղաքական սիվիլ կառոյցներու հետ։

Ժողովական հայրերը քննարկեցին Կրօնական Ժողովի 24 Յունիսինիստին որոշումով Կրէտէի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հովուականպաշտօնէն ազատ կացուցուած Արժ. Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանիպարագան։ Նկատելով, որ Տէր Հայրը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ քահանայ ձեռնադրուած էր, իր կարգավիճակի մասին վերջնական տնօրինութիւնը բնականաբար թողուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին ԲԱմենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահած էր Կրօնական Ժողովի այսորոշումէն։ Այս հարցին կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը 12Յուլիս թուակիր նամակով տնօրինած էր, որ Արժ. Տ. ՎարուժանՔահանան անյապաղ Մայր Աթոռ վերադառնայ։ Որոշուեցաւ Արժ. Տ.Վարուժան Քահանային երկրորդ պաշտօնագրով հրահանգել, որ առանց ուշանալու Մայր Աթոռ վերադառնայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հաղորդեց, թէ միաբան հայրերէն Հոգշ. Հ.Սահակ Աբեղայ Մաշալեան այս շաբաթ կը մեկնէր Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածին իր վարդապետական աւարտաճառը կատարելագործելու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովին ներկայացուց Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներ՝ բարեշնորհ սարկաւագներ ՅարութիւնՊապիկեան, Հայկ Քոփարեան, Սեւան Ճիւանեան եւ Սահակ Պչաքճեանի 13 Յուլիսի աւարտական գրաւոր քննութիւններուն արդիւնքները, որոնք գերազանց էին։ Յետ գաղափարներուփոխանակութեան, Ժողովական Հայրերը որոշեցին, որ չորս ժառանգաւոր սարկաւագները ստանան քահանայական սուրբ կարգը։ Ժողովական Հայրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, թէ հոգեւորականաց դասը կը զօրանար չորս երիտասարդ նոր անդամներով։ Ձեռնադրութեան վայրը եւ թուականը որոշուեցաւ թողուլ Նորին Ամենապատուութեան վերին տնօրինութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութեամբ տեղեկացուց, թէ Աղթամարի պատմական Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գործընթացը կը շարունակուէր եւ Ճարտարապետ ԶաքարիաՄիլտանեան ամէն շաբաթ երկու օր կը մնար Վան, հետեւելու համարնորոգութեան եւ վերականգման գործընթացին։

Նկատողութեան առնուեցաւ նաեւ այն պարագան, որ վերջերս որոշ թաղային խորհուրդներ կը փորձեն մշակել միջազգային յարաբերութիւններ, որոնք ամենեւին չեն մտնէր իրենց սահմանուած աշխատանքի ոլորտէն ներս։ Թաղային Խորհուրդներու պարտականութիւնն է իրենց չորս տարուայ պաշտօնավարութեան շրջանին, յանուն զիրենք պաշտօնի կոչող համայնքին, զբաղիլ իրենց թաղի եկեղեցւոյ, եթէ կայ՝ վարժարանի, գերեզմանատան եւ այլ ազգապատկան կալուածներու եւ գոյքերու մատակարարութեամբ եւ ատոնց հետ կապուած հարցերու հետապնդման նպատակաւ կապ հաստատել պետական կառոյցներու հետ։ Միւս կողմէ, հայ կամ օտար Նուիրապետական Աթոռներու, առաջնորդարաններու եւ այլ կառոյցներու հետ միջեկեղեցական, միջկրօնական, միջմշակութային կամ միջազգային յարաբերութիւնները պէտք է միշտ անցնին Պատրիարքարանի բովէն։ Որոշուեցաւ յատուկ շրջաբերական նամակով մեր պաշտօնական մարմիններուն անգամ մը եւս յիշեցնելսոյն պարագան։