ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը գումարուեցաւ 24 Յունիս 2005, Ուրբաթ առաւօտ, ժամը 10.00-ին, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւ ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի։

Ժողովական հայրերը վաւերացուցին Սամաթիոյ, Սկիւտարի,Նառլըգաբըի, Պէշիկթաշի, Ֆերիգիւղի, Եշիլգիւղի, Գուրուչէշմէի,Պէյօղլուի, Թաքսիմի, Պաքըրգիւղի, Պաքըրգիւղի, Գումգաբուի,Գատըգիւղի, Կէտիկփաշայի, Պիւյիւքտէրէյի, Գնալը Կղզիի,Պոյաճըգիւղի եւ Ղալաթիոյ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն 2004տարւոյ անդամական ընդհանուր ժողովներու տեղեկագիրները ի մասին տարեկան գործունէութեան եւ հաշուետուութեան։

Ժողովը քննարկեց Կրէտէի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր ՀովիւԱրժ. Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի Էջմիածնի քաղաքականատեանի որոշմամբ ամուսնալուծման պարագան։ Ժողովական հայրերը նկատի ունենալով Ս. Գրքի (Ա. Տիմոթէոս 3.4-5, 7, 12)ուսուցումն ու հարցին ընկերաեկեղեցական բնոյթը, որոշեցին Վարուժան Քահանան ազատ կացուցանել Կրէտէի պաշտօնէն եւ իր կարգավիճակի մասին վերջնական տնօրինութիւնը թողուլ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, քանի որ Տէր Հայրը Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնի մէջ քահանայ ձեռնադրուած էր 1996 թուականին։

Ժողովական հայրերը որոշեցին խնդրել Նորին Ամենապատուութենէն, որ իր տնօրինութեամբ կազմէ նոր յանձնախումբ մը, քննարկելու համար Պոլսոյ արուարձանները գտնուող գերեզմանատուներու վիճակները։ Հալըճըօղլուի (Խասգիւղ) Հայոց Գերեզմանատան վիճակը եւս քննարկուեցաւ եւ շեշտուեցաւ այդ թաղամասին մէջ նոր մատրանմը կառուցման անհրաժեշտութիւնը, քանի որ Խասգիւղի Ս.Ստեփանոս Եկեղեցին եւ Գալֆայեան Միաբանութեան Ս.Աստուածածին Մատուռը այդ օրերուն կառուցուող Վոսփորի Կամուրջի ճանապարհներու շինութեան ընթացքին, յետ ապասեփականացման, 1973-ին հիմնայատակ փլուզման ենթարկուած էին քաղաքականիշխանութիւններու կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժողովական հայրերուն թելադրեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններն ու քահանայ հայրերը ընդհանուր ժողովի մը հրաւիրել, իրենց բացատրելու համար զանազան ծիսական հարցեր եւ ընելու ուղղումներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը տնօրինեց, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան ներքեւ գործող եկեղեցեաց դպրաց դասերուն շրջաբերական նամակ ուղարկուի, իրենց թելադրելով Ս. Պատարագի մատուցման ընթացքին Նիկիական Հանգանակի ընթերցման պահուն, չզեղչել Քրիստոսի Եկեղեցիին «Սուրբ» ստորոգելիի արտասանութիւնը։Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց թէ մէկ, առաքելական,ընդհանրական եւ Սուրբ Եկեղեցիի չորս ստրոգելիներէն մէկն է սրբութիւնը։ Եկեղեցւոյ հայրերու աւանդմամբ Հանգանակի ուղիղ բանաձեւն է հետեւեալը. «Հաւատամք եւ ի մի միայն ընդհանրական եւ առաքելական Սուրբ Եկեղեցի»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ժողովին տեղեկութիւն փոխանցեց Պերկամոնի եւ Կեսարիոյ ուխտագնացութիւններուն, եւ Շուէտի Կէօթէպորկ քաղաքի մէջ կայացած միջկրօնական ժողովին մասին։

Ժողովական հայրերը տեղեկացան երկու ուխտագնացութիւններու,մէկը՝ դէպի Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքի Ս. Գէորգ Եկեղեցին, իսկ միւսը՝ դէպի Պարսկաստանի Մակուի շրջանի Ս. Թադէի Վանքը, որոնց Նորին Ամենապատուութիւնը կը պատրաստուի մասնակցիլ ընդառաջելով Հայ Եկեղեցւոյ տեղական առաջնորդներէն ստացած հրաւէրներուն։