ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

164Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 31 Յուլիս 2005, Կիրակի, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց նախագահեց։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէզէնլեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց Ս. Պատարագի աւարտին։ Նախ անդրադառնալով Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի գրած նամակին, ընդգծեց «ամչնալիք ոչինչ ունեցող հայրեր, մայրեր, հոգեւորականներ, ուսուցիչներ, համայնքային վարիչներ» ըլլալու կարեւորութիւնը, շեշտեց, թէ պարապ խօսքերը,  ըսի ըսաւները, չափազանցութիւնները միշտ վնասաբեր կ՚ըլլան թէ անձերուն եւ թէ հաւաքականութեան համար։  Մեր Հոգեւոր Պետը յանձնարարեց, որ հաւատացեալներ քննեն իրենց անձերը ու հակակշռեն իրենց շարժուձեւերը, քանի որ վերոյիշեալ մեղքերը ամէն բանէ առաջ վնաս կը հասցնեն նոյնինքն ենթականերուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Յովհաննու Աւետարանէն կարդացուած հատուածին եւ յիշեցնելով «Աստուծոյ գործը այս է, որ որ Անոր ղրկածին հաւատանք» (Յովհաննէս 6։29) համարը, ըսաւ. «Եկեղեցին մէկ նպատակ ունի։ Մկրտութեան ուխտով միացած անդամները պատրաստել յաւիտենական կեանքին եւ թէ այս աշխարհի եւ թէ անդենականի կեանքին մէջ ապահովել անոնց հանգիստն ու խաղաղութիւնը»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս «երկինքէն իջած Հացն էր» (Յովհաննէս 6։35,41) եւ Քրիստոսի միջոցաւ յայտնուած Աստուծոյ Խօսքին հաւատացողներու հոգիները պիտի փրկուէին, խաղաղութիւն պիտի գտնէին եւ յաւիտենական երջանկութիւնը պիտի ճաշակէին։

Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ Կիւլպէնկեան Սրահին մէջ սարքուած Սիրոյ Սեղանին մասնակցեցան հոգեւորականներ, Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Գալֆայեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ Տքթ. Արտաշ Աքտաղ, դպրաց դասու անդամներ եւ հաւատացեալներ։