ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՓՈՂՈՑԻ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ

Kategori: Աշխարհական

56Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 9 Յունիս 2005 Հինգշաբթի ժամը 20.30-ին ներկայ եղաւ Մաչքայի Սուիսօթէլ Պոսֆորուս հիւրանոցի մէջի նպաստ փողոցի տղոց սարքուած երեկոյթին։

900 հոգինոց ընթրիքը այս անգամ կազմակերպուած էրհովանաւորութեամբ Իսրայէլի Պոլսոյ Աւագ Հիւպատոս ԱմիրաԱռնոնի։ Ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ Կուսակալ՝ Մուամմէր Կիւլէր, ՅոյնՕրթոտոքս Եկեղեցւոյ Բարթոլոմէոս Ա Ծայրագոյն Պատրիարքը,Թուրքիոյ Հրէից Խախամապետը՝ Իցխաք Հալէվա, բազմաթիւերկիրներու հիւպատոսներ, ակադեմականներ, գործարարներ,մտաւորականներ։

57Գործադրուեցաւ գեղարուեստական հետաքրքրական յայտագիր մը, որամբողջութեամբ կը բաղկանար փողոցներէ հաւաքուած ծնողազուրկտղոց կողմէ, որոնք Պոլսոյ կուսակալութեան յատուկ կեդրոններուն մէջտեղաւորուած, ուսանած էին եւ այսօր ընկերութեան կը ծառայէինորպէս գիտակից հայրենակիցներ։ Ծրագրին մէջ կարեւոր մաս մըտրամադրուած էր նաեւ Էմինէօնիւի քաղաքապետութեան ԱխըրգաբըիՌոման (գնչուական) նուագախումբին։ Կատարուածվիճակահանութեան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շահեցաւ զոյգ մըլուսապակեայ աշտանակ։

Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար գաւազանակիր՝ Արժ. Տ.Տրդատ Քհն. Ուզունեան։