ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑՀՐԷԻՑ ՊԱՍԷՔԸ

Kategori: Միջկրօնական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը,ընկերակցութեամբ Հոգշ. Հայր Սահակ Աբղ.Մաշալեանի, Հրէից Խախամապետ Ռավ ԻցխաքՀալէվային քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ 5Մայիս, հինգշաբթի երեկոյեան 16.30-ին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Հին Տոմարիհամաձայն տօնուող Ս. Զատկի հանդիսութեանց առթիւՍուրբ Երկիր գտնուելուն պատճառաւ՝ շաբաթ մը ուշկու գար շնորհաւորելու Թուրքիոյ Հրեայ համայնքին Պասէքի տօնը յանձին Խախամապետ Հալէվայի։

Խախամապետը իր կարգին ըսաւ. «Ձեր այցելութեամբ հոգեկան հրճուանք կը զգամ, ուրախութիւնս կրկնակի է.նախ անոր համար, որ անցեալ շաբաթ Ձեր ՍուրբԱթոռը ներկայացնելու համար Ձեր աւագ հոգեւորականներէն Շահան Արքեպիսկոպոսը առաքեցիք, իսկ Սուրբ Երկրէ վերադարձին անձամբ կուգաք մեր տօնը շնորհաւորելու։ Այս դժուար օրերուն Ձեր եղբայրական մօտեցումն ու քաջալերանքը մեծմխիթարութիւն է մեզի համար»։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու Խախամապետըայնուհետեւ խորհրդակցեցան Շուէտի, Ռուսաստանի եւԹուրքիոյ մէջ տեղի ունենանելիք միջկրօնական համագումարներու մասնակցութեան շուրջ։

Հայոց Պատրիարքի եւ Հրէից Խախամապետիհանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւԽախամապետարանի Դիւանապետ՝ ԵուսուֆԱլթընթաշ։