ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀՌՈՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

ՍՏԱՆՊՈՒԼ (Լրաբեր, 20/04/2005) –
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ յղած պաշտօնական նամակով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ-ը, որ §Հռոմի Եպիսկոպոս, Ս. Պետրոս Առաքեալի Յաջորդ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պապ¦ ընտրուեցաւ 19 Ապրիլ 2005 (երէկ) երեկոյեան ժամերուն։

Պատրիարք Հայրը նամակին մէջ նշեց, որ նորընտիր Քահանայապետի նախորդ՝ Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի վախճանումն ու յուղարկաւորութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Հռոմի Սուրբ Աթոռին միջազգային համայնքի եւ հանրային կարծիքի վրայ ունեցած ազդեցութիւնը որպէս հեղինակաւոր կեդրոն մը որ վկայութիւն կը բերէ Քրիստոնէական հաւատքին։ Արդարեւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Պապը մեծասիրտ հովիւ մըն էր, որուն օրինակելի հաւատքը, անխոնջ ծառայասիրութիւնը, աղօթասիրութիւնն ու սրբութիւնը պատճառ եղան որ աշխարհը նորովի ծանօթանայ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական արժէքներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ աշխարհով մէկ տարածուած Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը այսօր հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունեն Բենեդիկտոս ԺԶ-ի ընտրութիւնը որպէս Հռոմի Ս. Աթոռի գահակալը, ակնկալելով որ ան ձեռնհասօրէն կը նպաստէ իր անմոռանալի նախորդին ծաւալած միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մերձեցման աշխատանքներուն։