ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՏՈՄԱՐԸ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 11 Յուլիս 2005 Երկուշաբթի,ժամը 10.15ին այցելեց Կալաթասարայի Մեծն Բրիտանիոյ Հիւպատոսարանը, որու շքամուտքին՝ Աւագ ՀիւպատոսուհիՊարպարա Հէյի Լոնտոն գտնուելուն պատճառաւ, դիմաւորուեցաւտեղակալին կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ստորագրեց այն ցաւակցական տոմարը,որ բացուած էր 7 Յուլիսին Լոնտոնի մէջ պատահած ահաբեկչականյարձակումներուն կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնըյարձակումներու հետեւանքով մահացողներու հոգիներուն հանգիստ,իրենց մերձաւորներուն եւ Մեծն Բրիտանիոյ ժողովուրդինցաւակցութիւն, վիրաւորեալներու համար արագ ապաքինում մաղթեց։