ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՕԾԵՑ ԱՌԷՆ ԹՈՒՐԱՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր
190

Գնալը Կղզիի ճամբուն՝ Պուրակ Պօղոսեան, Պատրիարք Հայրը, Արէտ Էլմասեան

191

«Օրհնութիւն ի բարձունս…» «Օրհնութիւն ի բարձունս…»

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2005 Շաբաթ 15.00-ին, ուղեկցութեամբ Գերյ. Հայր Ճոն Ուըլիի, Յովհաննէս Պայրամեանի եւ երիտասարդներ՝ Արէտ Էլմասեանի եւ Պուրակ Պօղոսեանի,Էմինէօնիւէն Գնալը Կղզի անցաւ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց փոքրիկն Առէն Թուրանի մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդին։

Մկրտութեան խորհուրդը, ընտանիքին փափաքով, բացօթեայ աւազանին մէջ կատարեց Արժ. Տ. Եղիա Քհն. Քէրվանճեան։ Փոքրիկն Առէնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբան՝ Գերշ. Տ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս Պոզապալեան եւ Հ. Ճոն Ուըլի։

Աննա Թուրայ – Ճէնկիզ Թուրան  ամոլին անդրանիկ որդին՝ փոքրիկն Առէնի մկրտութեան խորհուրդին կնքաւորն էր Գրիգոր Սահակօղլու։

Աննա Թուրայ, որ զանգուածային լրատուութեան եւ հասարակական կապերու մասնագէտ է, Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ տասը տարիէ ի վեր սիրայօժար կը ծառայէ որպէս խորհրդական։ Գրիգոր Սահակօղլու, նոյնպէս, համակարգչային գծանկարչութեան մասնագէտ է եւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր սիրայօժար կը նպաստէ Պատրիարքարանի հասարակական կապերու ամրապնդման։

192

Առէն հօրը Ճէնկիզ Թուրանի գիրկը, Պատրիարք Հայրը, Աննա Թուրայ, Գրիգոր Սահակօղլու