ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԵՂԻԱՅԻ ԿԻՐԱԿԻՆ ՆՇԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ իրքուէն գործածելու համար Գնալը Կղզի ելաւ եւ շաբաթավերջն անցուց Պատրիարքարանի կղզիի ամարանոցին մէջ։

22 Մայիս 2005 Կիրակի առաւօտեան 10.30-ին, ՆորինԱմենապատուութիւնը Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ճաշու ժամերգութեան եւԵրեխայից Ս. Պատարագին, մասնակցութեամբ կղզեցիհաւատացեալներուն որոնք ամբողջութեամբ լեցուցեր էինգողտրիկ եկեղեցւոյ նստարանները։

Նորին Ամենապատուութիւնը Տէրունական Աղօթքէն առաջխօսած քարոզին բնաբան ընտրած էր Յակոբոս Առաքեալիխօսքը. «Հաւատքով կատարուած աղօթքը կը բժշկէ հիւանդը։Արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ»(Յակ.Ե.15-16)։

Քարոզիչ Սրբազանը նախ անդրադարձաւ Ս. ԵղիաՄարգարէի անձին վրայ, յիշեցնելով որ ան Տէր Յիսուսի եւ Ս.Մովսէս Մարգարէի հետ Թաբոր լերան կատարը յայտնուածէր Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներուն։Արդարեւ առաջին Քրիստոնեաները նմանութիւններ տեսած ենՍ. Եղիա Մարգարէի, Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ ՏէրՅիսուս Քրիստոսի կատարած հրաշքներուն եւգործելակերպին մէջ (Մտ.3.11, 11.14, 17.9-13, Մրկ. 6.15, 8.28,Ղկ. 5.25, 9.54, 12.49)։ Ամէն անգամ երբ Հոգեհանգստեանկարգ կատարենք կը յիշենք Ս. Եղիա Մարգարէն, քանի որ անհրեղէն կառքով երկրէն երկինք առնուած ըլլալով, կըխորհրդանշէ Երկնքի Արքայութիւնն ու Աստուծոյ յափշտակիչզօրութիւնը (Դ. Թագ. 2.1-15)։

Ս. Յակոբոս Առաքեալ իր Ընդհանրական Թուղթին մէջ կը գրէ,որ «Եղիա մարդ էր մեզի նման՝ ենթակայ չարչարանքներու» սակայն խոր հաւատք ունէր Աստուծոյ նկատմամբ եւզօրաւոր էր իր աղօթքը (Յկբ. 5.17)։ Մենք, սովորականքրիստոնեաներս ալ մկրտութեան խորհուրդին շնորհիւկանչուած ենք ա՛յս աշխարհին մէջ մեր սովորական կեանքըապրելու, սակայն զգուշանալու որպէսզի այս աշխարհին «ապրանք»ը չըլլանք։ Եկեղեցի յաճախող, Ս. Գիրք կարդացող,քարոզ ունկնդրող հաւատացեալին եւ այդպէս չեղողանձերուն միջեւ տարբերութիւնը փափաքելի է որ յստակըլլայ։

Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին, միւս բոլոր եկեղեցիներուն,մինչեւ իսկ միւս բոլոր այլակրօն հաստատութիւններուն նման,բազմաթիւ հարցերու հետ դէմ յանդիման կը գտնուի, քանի որմարդիկ կը փափաքին որ ան աշխարհիկ եւ աշխարհավարհաստատութեան մը պէս ըլլայ եւ այդպէս ղեկավարուի։Եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու անդամները շատանգամ կը մոռնան, որ թաղի մը եկեղեցի՛ն է որ կըկառավարեն, ուստի եւ երբեմն կը մոռնան, որ պարտաւոր եննկատի ունենալու կրօնա-եկեղեցական կարգ ու կանոնները։ Տնօրէններ ու ուսուցիչներ երբեմն կը մոռնան, որ Քրիստոնեայփոքրամասնութեան մը վարժարաններն են որ կըկառավարեն, ուստի եւ միւս նիւթերու առընթեր ծայրագոյնուշադրութիւն պէտք է տածուի հայերէն լեզուի եւ կրօնքիուսուցման։

Հաւաքականութիւն մը երբ մոռնայ իր հոգեւոր ումշակութային արժէքները, տակաւ կը կորսնցնէ իրինքնութիւնը։ Այսօր շատեր, ընդունին եւ զգան կամ ոչ,ինքնութեան խոր տագնապի մէջ են։ Մինչդեռ, §տարբեր¦ըլլալ երբեք չի նշանակէր ինքզինք գերադաս նկատելուրիշներուն վրայ, ինչպէս որ բանաստեղծը կը յիշեցնէ, մենք «պարզապէս» հայ քրիստոնեայի կոչում ունինք եւ այդկ՚ուզենք պահել եւ որպէս աւանդ փոխանցել գալիք սերունդներուն։

Ս. Եղիա Մարգարէ պատմութեան անցած է, որպէս Աստուծոյպաշտօնեան, որ երբ իր ազգի անդամները երես դարձուցերէին իրենց հայրենի կրօնքէն եւ սկսած էին հետեւիլՍիդոնացիներու կռապաշտ սովորութիւններուն, քաջութիւննունեցաւ կարգի հրաւիրելու Ագաաբ թագաւորն ու անորհեթանոս կինը, իր խիզախութեան պատճառաւ իր վրայհրաւիրեց անոնց զայրոյթը, այնուհանդերձ յաջողեցաւժողովուրդը վերադարձնելու դէպի իր հայրերուն՝ Աբրահամ,Իսահակ ու Յակոբ նահապետներու Աստուածը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա յորդորեց Ս. ԵղիաՄարգարէի օրինակով հաւատարիմ մնալ մեր ժողովուրդիսրբութիւններուն, չտարուիլ մերօրեայ հոսանքներուխաբուսիկ երեւոյթներէն որոնք մեզ բոլորս կ՚առաջնորդենկամաւոր ցուլումի, այլ հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերու եւ նախամայրերու հոգեւոր արժէքներուն եւաւանդութիւններուն։

Արարողութիւններու աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը Տքթ. Յարութիւն Տիմիճիի գլխաւորութեամբ ԻշխանացԿղզիներու Թաղային Խորհուրդի անդամներուն հետ թէյ առաւեկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ եւ իրենց հետ խորհրդակցեցաւեկեղեցական եւ համայնքային հարցերու շուրջ։