ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԷՕԼՆ ԺԱՄԱՆԵՑ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական
200

Մոնս. Հայնրիխ Մուսսինկհո‎ֆ, Պատրիարք Հայրը, Տ. Գարեգին Արքեպս., Բերնդ Մուսսինկհո‎‎ֆ, Ճէյսի Մանթուրութիլ, Միքայէլ Բրիւնինկ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, տեղական ժամով 15.00-ին Քէօլն ժամանեց, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, եւ տեղւոյն Քոնրատ Ատընաուէր օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի, Արժ. Տ. Հայազատ Քհն. Մարտիկեանի, «Կաթոլիկ Ուսանողաց Միջազգային Շարժում»ի եւ Գերման Կաթոլիկ Ուսանողական Համայնքներու Միութեան Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժնի վարիչ Բերնդ Մուսսինկհո‎‎ֆի, եւ Նորին Ամենապատուութեան որպէս ուղեկից նշանակուած երիտասարդներ՝ Ճէյսի Մանթուրութիլի եւ Միքայէլ Բրիւնինկի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ Պոլսէն Քէօլն ժամանեցին խումբ մը հայ, ասորի եւ քաղդէացի կաթոլիկ երիտասարդներ եւ հոգեւորականներ, ընդամէնը շուրջ քառասուն հոգի։

Ապա Պատրիարք Հայրը, իրեն յատկացուած պաշտօնական ինքնաշարժով եւ ուղեկցութեամբ զինք դիմաւորող պատուիրակութեան անդամներուն, առաջնորդուեցաւ դէպի Սալվաթորեան Քոյրերու Վանքը, որ կը գտնուի Քէօլնի արուարձաններէն Քէրփէն թաղամասը։ Վանքի մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Գերման Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Աախընի թեմի Գերշ. Մոնս. Հայնրիխ Մուսսինկհո‎ֆ Եպիսկոպոսին կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա տեղաւորուեցաւ Սալվաթորեան Վանքի «Հայր Եորդան Հիւրատուն»ը, ուր պիտի իջեւանէր մինչեւ Պոլիս վերադարցը։

Ժամը 16.00-ի եւ 16.30-ի միջեւ, Պատրիարք Հայրը հիւրատան ընդունարանին մէջ առանձինն զրոյց ունեցաւ Գարեգին Պէքճեան Սրբազանին հետ եւ որոշուեցաւ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Հայոց Առաջնորդանիստ Սրբոց Սահակ-Մեսրոպ Եկեղեցին այցելութիւն տայ յառաջիկայ 20 Օգոստոս 2005, Շաբաթ երեկոյեան։