ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԵՑ ԷՍԱԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Kategori: Համայնքային

96Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 29 Յունիս 2005 Չորեքշաբթի ուշերեկոյեան մասնակցեցաւ Էսաեան Վարժարանի 2005-իշրջանաւարտութեան հանդէսին, որ սարքուեցաւ Վարժարանիպարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին այս տարուան շրջանաւարտները, իրենցծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, Էսաեան Վարժարանիուսուցչաց կազմը գլխաւորութեամբ տնօրէններ՝ Սաթենիկ Նշանի եւԱննիկ Գալփաքճեանի, Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ.Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան, Գերյ. Հ. Ճոն Ուըլի, Վարժարանի հիմնադրիտեղակալ Բարձր Ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը, Պէյօղլուի Ս.Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ ԱբիկՀայրապետեանի, եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորական ուղերձով օրհնեց 2005-իշրջանաւարտ դասարանի աշակերտները, բարի երթ մաղթեց իրենց,յորդորեց երբեք չխզել կապը իրենց համայնքին հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անձամբ յանձնեց շրջանաւարտդասարանի յաջողագոյն աշակերտ՝ Լորա Քոքեանիշրջանաւարտութեան վկայականը։