ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԹՈՒՐՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2005, ժամը 12.30-ին, Ն.Ա.Տ. ՄեսրոպՍ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Պատկ. Կրօնականոողովի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի,այցելութիւն տուաւ Արթուր Այդին Մանուկեանի բնակարանը։

Արթուրը, որ 17 տարեկան է, կը տառապէր §Մայա մայա¦ կոչուածուղեղային մահացու հիւանդութենէ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնըպոլսահայ համայնքի անդամներուն կոչ մը ուղղած էր Արթուրիննիւթապէս նպաստելու համար, որպէսզի ան առանց աւելի յապաղելուենթարկուէր վիրահատութեան։

Պատրիարքական Աթոռի միջամտութեամբ, Արթուրը Հոկտեմբերի 10-ին Ճէրրահփաշա հիւանդանոցն ընդունուեցաւ եւ վիրահատուեցաւմասնագէտներու կողմէ։ Վիրահատութենէ եւ վերակենդանացմանբաժնի մէջ խտացեալ խնամք ստանալէ ետք, Հոկտեմբերի 24-ին Արթուր հիւանդանոցէն բնակարան փոխադրուեցաւ։ Արթուրիդարմանումը կը շարունակուի բնակարանին մէջ, մինչ ան շաբաթը մէկանգամ ստիպուած է Ճէրրահփաշա հիւանդանոցն այցելելքննութիւններու համար։

Մասնագէտ բժիշկներու տեղեկագրին համաձայն, վիրահատութեանշնորհիւ մահուան վտանգը հեռացուած է սակայն ուղեղի բուժումըպիտի տեւէ առնուազն տարի մը։

Նորին Ամենապատուութիւնը սրտապնդեց Արթուրը եւ աղօթեց, որանոր ցաւերը շուտով փարատին եւ երիտասարդը հոգիի եւ մարմնի իրառողջութիւնը շուտով վերագտնէ։