ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

68Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 12 Յունիս 2005 Կիրակի ժամը 16.00-ին ընդունեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւՊալէի Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Թատրոնի տնօրէն՝ ԿամօՅովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանար Հայաստանի ՀանրապետութեանՄշակոյթի Փոխ-Նախարար Տքթ. Գագիկ Մանասեան։ Ներկայ էր նաեւՀայաստանի Ռոթըրի Ակումբի նախագահ՝ Յովսէփ Սէֆէրեան իրկողակցին հետ։

Ազգային Պալէի 140 հոգինոց խումբը Պոլիս ժամանած է, ՌոթըրիՔլապի հիմնարկութեան 100-ամեակին եւ Պէզճեան Վարժարանիհիմնարկութեան 175-ամեակին զոյգ առիթներով ԱթաթիւրքՄշակութային Կեդրոնի մէջ բեմադրելու համար Արամ ԽաչատուրեանիԳայանէ պալէն 13 եւ 14 Յունիս թուականներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեցհիւրերուն եւ օրհնեց երկու ժողովուրդներուն փոխ-մերձեցմանհեռանկարով կատարուած մշակութային ձեռնարկը։ Պրն.Յովհաննիսեան Ազգային Թատրոնի, իսկ Պրն. Սէֆէրեան Հայաստանի Ռոթարիէններու անունով մէյմէկ յուշանուէր նուիրեցին Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր։