ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

177Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 8 Օգոստոս 2005 Երկուշաբթի երեկոյեան ընդունեց Հռոմի Ս. Էջիտիօ Կաթոլիկ Միաբանութեան անդամ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք իրենց ամրան արձակուրդն անցընելու նպատակով Պոլիս եկած էին։

Իտալացի երիտասարդները, որպէս Հոգշ. Հ. Զաքէոս Աբեղայի հիւրը, 7 Օգոստոս Կիրակի առաւօտ մասնակցեր էին Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքին եւ յաջորդող սիրոյ սեղանին, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Երիտասարդները այս անգամ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան կողմէ ընդունուելու, եւ Հայոց Պատրիարքարանն ու Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին պտտելու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնն ըսաւ, որ 1986-էն ի վեր ծանօթ է Ս. Էջիտիօ Միաբանութեան եւ ամէն անգամ որ Հռոմ կ՚այցելէ անպայման կը մէկտեղուի սոյն Միաբանութեան անդամներուն հետ, քանի որ անոնց առաքելութիւնը, ուղղուած՝ յատկապէս աղքատներուն, հիւանդներուն, ծերերուն, անտուններուն, գաղթականներուն ու փախստականներուն, կը խօսի իր սրտին։ Շիրակի մարզի երկրաշարժէն յետոյ, Ս. Էջիտիօ Միաբանութիւնը, ուրիշ կաթոլիկ միաբանութիւններու եւ հաստատութիւններու կարգին մեծապէս օգտակար հանդիսացած է աղիտեալներուն՝ Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնի միջոցաւ։

Միաբանութեան անդամները 1986-էն ի վեր կ՚այցելեն Պոլիս եւ ներկայ եղած են Պոլսոյ պատրիարքներէն երկուքին յուղարկաւորութեան, երկուքին ալ գահակալութեան արարողութիւններուն։ Հայր Զաքէոս Աբեղայ, Հռոմ ուսանած ժամանակ բնակած է սոյն Միաբանութեան անդամներուն մօտ։

Իտալացի երիտասարդները Պոլիս եւ պոլսահայ եկեղեցիները տեսնելէ ետք, իրենց շրջապտոյտը կը շարունակեն դէպի Կեսարիա-Կապադովկեայ եւ Վան-Վասպուրական։
Նորին Ամենապատուութիւնը շուրջ 45 վայրկեան զրուցեց երիտասարդներուն հետ եւ իրենց §Բարի ճանապարհ¦ մաղթեց դէպի Միջին եւ Արեւելեան Անատոլիա։