ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

183Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 11 Օգոստոս 2005, Հինգշաբթի երեկոյեան ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամներուն պաշտօնական այցելութիւնը, որ կը տրուէր ընտրութեան արդիւնքներուն Ստանպուլի Կուսակալութեան կողմէ վաւերացուած ըլլալուն առիթով։

Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, իր ընկերներուն անունով խօսեցաւ ըստ հետեւեալի. «Պատրիարք Հայր, ուրախ ենք Ձերդ Ամենապատուութեան ներկայանալով որպէս 2005-2009 շրջանի նորընտիր Հոգաբարձութեան անդամները, որոնք ստացած են նաեւ պետական վաւերացում։ Չորս տարուան այս շրջանին մէջ պիտի ընենք մեր կարելին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը լաւագոյն յարմարութիւններով օժտելու եւ մեր ստացած թանկագին աւանդը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։ Այս առիթով եկած ենք ստանալու Ձեր օրհնութիւնը»։

Պատրիարք Հայրը Հոգաբարձութեան անդամներուն «բարի գալուստ» մաղթելէ ետք, ըսաւ.

«Ձեր ընտրութեան առիթով ձեզ շնորհաւորած էինք ժամանակին։ Այժմ կը շնորհաւորենք նաեւ ձեր վաւերացումը պատկան իշխանութիւններու կողմէ։ Ձեզի յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկայ շրջանին։

«Հիւանդանոցը մեր ամենէն կարեւոր աշխարհավար հաստատութիւններէն է եւ բաւական պատասխանատու եւ բարդ պաշտօն է ձեր ստանձնածը։ Ձեր ըրածներն ալ չըրածներն ալ պիտի անցնին պոլսահայ պատմութեան տարեգրութեանց։

«Պետական պաշտօնական շրջանակներուն՝ որպէս  մարդոց առողջապահութեամբ զբաղող հաստատութիւն բնականաբար պատասխանատու էք։ Պէտք չէ կորսնցնէք նաեւ ձեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ այսինքն ընտրութիւններու մասնակցելով ձեզ պաշտօնի կոչող զանգուածին եւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր, բարոյական կեդրոնին՝ Պատրիարքական Աթոռին հանդէպ։

«Ձեր գրեթէ բոլորին մէկ մէկ ծանօթ ըլլալով, գիտենք թէ պարկեշտ, պարտաճանաչ ու գիտակից անձեր էք եւ մեր համայնքի անդամներուն հետ Մենք եւս որեւէ կասկած չունինք, որ արդարութիւն պիտի ընէք ձեր վրայ դրուած վստահութեան։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Աստուած ձեր բոլոր ծրագիրներն ու ջանքերը օրհնէ»։

Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ հաճելի զրոյցէ եւ պատշաճ պատուասիրութենէ ետք, Հոգաբարձութեան անդամները Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ Նորին Ամենապատուութեան Ս.Աջն առնելէ յետոյ գոհ սրտով բաժնուեցան Ազգային Պատրիարքարանէն։