ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵԼԺԻԱՅԷՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Kategori: Աշխարհական

142Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 26 Յուլիս 2005 Երեքշաբթի,Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեց Պելժիայէնհամալսարանականներու 15 հոգինոց խումբի մը այցելութիւնը։Խումբին կ՚ընկերանար Պելժիոյ Պոլսոյ Աւագ Հիւպատոս՝ ԹոմասԱնթուան։

Այս խումբը հիմնուած էր 1954 թուականին եւ կը կոչուէր ՊելժիոյՕլիվէնթ Միացեալ Խումբը։ Իրենց նպատակը եղած էր ամէն տարիպտոյտներ կազմակերպել դէպի օտար երկիրներ ու ծանօթանալտեղւոյն բնակիչներուն ու անոնց կենցաղին։ Յիշեալ խումբը այս տարիեկած էր Թուրքիա, ուր փափաքած էր այցելել նաեւ Պոլսոյ ՀայոցՊատրիարքութիւնը։

Երիտասարդները շուրջ մէկուկէս ժամ ունկնդրեցին Պատրիարք Հայրըեւ զանազան հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան,աւանդութեանց, վարդապետութեան, Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւՀայ համայնքի, Քրիստոնեայ-Մահմետական միջկրօնական եւմիջմշակութային փոխյարաբերութեանց մասին, որմէ ետք գոհտպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Նորին Ամենապատուութենէն։