ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱԼԷԻ ԽՈՒՄԲԸ

Kategori: Աշխարհական

72Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 15 Յունիս 2005 Երեքշաբթիժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեցՀայաստանի Պետական Պալէի խումբի անդամներէն 55 հոգինոցխումբ մը, գլխաւորութեամբ ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեաններկայացուցիչ Տքթ. Գագիկ Մանասեանի եւ Ազգային Ակադեմական Թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեանի։

Հանդիպման ներկայ եղան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ ՄայրԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Եփրեմ Պաղեան եւՊէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէն Սինայիր Եըլտըզեանիգլխաւորութեամբ խումբ մը ուսուցիչներ։

Հիւրերը ջերմօրէն ընդունող Պատրիարք Հայրը, բոլորին բարի գալուստմաղթեց եւ յանուն Թուրքիոյ հայ համայնքին շնորհակալութիւնյայտնեց Արամ Խաչատրեանի Գայեանէ պալէի 13 Յունիսի փառաւորբեմադրութեան համար։

73Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Հայաստանէն Պոլիս բերուածմշակութային որեւէ ձեռնարկ ոչ միայն կը սատարէ երկու երկիրներուփոխ-մերձեցման եւ երկխօսութեան խնդրին, այլ նաեւ տոհմիկապրումներու սքանչելի վայելք ու քաջալերանք է պոլսահայերունհամար։

Աւանդական սուրճի եւ բալի լիքէօրի մատուցման ժամանակ, ջերմերկխօսութիւն ստեղծուեցաւ Պատրիարք Հօր եւ Պալէի խումբիանդամներուն միջեւ։ Հարցումներու պատասխանելով, Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Թուրքիոյ մէջբնակող հայութեան այսօրուան վիճակին, կառոյցներուն,հիմնահարցերուն, Պոլսոյ Պատրիարքութեան անցեալին ու ներկայինմասին։