ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ԾՆՆԴԵԱՆՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Համայնքային

76Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր անուանակոչութեան տօնն ուծննդեան 49-րդ տարեդարձը նշուեցան 16 Յունիս 2005 Հինգշաբթիերեկոյեան Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ սարքուածընդունելութեամբ որուն մասնակցեցան շուրջ 300 հոգի։

Նոյն գիշեր, ծննդեան տարեդարձները նշուեցան նաեւ Ակադեմիկոս Տքթ. Արայիկ Սարգսեանի, Պատրիարքարանի Բանբեր՝ իրաւաբանԼուիզ Պաքարի, Գալֆաեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Սրբուհի Պիլալեանի եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան Վարժարանի ԾնողացՄիութեան վարիչներէն Գեղամ Էրզրումլեանի։

Նոյն առիթով անուանակոչութեան տօնը նշուեցաւ նաեւ Պատկ.Կրօնական Ժողովի Բ. Ատենապետ՝ Հոգշ. Հայր Սահակ Աբղ.Մաշալեանի, Պիւյիւքտէրէի Սրբոց Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ.Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի, Նառլըգաբըի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Բրշ. Սահակ Սրկ. Պչաքճեանի եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի աշակերտներէն փոքրիկն Մեսրոպ Եըլտըրըմի։

Ներկայ էին մեծաւ մասամբ վերջին 26 տարիներուն ընթացքին Ամեն.Ս. Պատրիարք Հօր հոգեւոր լսարաններուն մասնակցած աբեղաներ,քահանաներ, սարկաւագներ, դպիրներ, ուսուցիչներ, աշխարհականվարիչներ, նաեւ օտար եկեղեցիներէն Գերյ. Հայր Ճոն Ուըլի,Վերապատուելի Հոլկէր Նոլլման, անգլերէն լեզուի ուսուցիչ՝ Ֆիլիփ Քլարք, Տաչ Չէփըլի վարիչներէն Ճոնըթըն Պլայթ եւ այլ հիւրեր։

Համեստ պատուասիրութենէն ետք, բերուեցաւ աւանդական կարկանդակը, զոր իրենց տարեդարձն ու անունը տօնողներ Նորին Ամենապատուութեան հետ միասնաբար կտրեցին փչելով միաժամանակ իւրաքանչիւրին համար դրուած մոմերը։

77Ընդունելութիւնը շուտով վերածուեծաւ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի նուիրուած մշակութային խնջոյքի մը, երբ հարիւրաւոր հրաւիրեալներ շուրջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ միասնաբար եւ մեծ խանդավառութեամբ երգեցին հայկական հոգեւոր եւ տոհմիկ երգերէն գեղեցիկ նմոյշներ։

Վեհափառ Հայրապետի Շնորհաւորական Գիրը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ կը շարունակէիր հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ,շնորհաւորական նամակ մը ուղարկեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարքին։ Նամակի բովանդակութիւնը հետեւեալն է.

«Բերում ենք Ձեզ Մեր շնորհաւորանքներն ու ամենայն բարեացմաղթանքները Ձեր ծննդեան տարեդարձի առիթով։

«Բարձրեալի բարեհաճ կամքով Դուք շնորհընկալը եղաք Տիրոջսպասաւորը լինելու եւ որպէս արգասիք Ձեր նուիրեալ ունախանձախնդիր ծառայութեան, հոգեւոր Ձեր տեսչութեանըյանձնուեց Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը առաւել շէնացնելու եւպայծառացնելու հոգեւոր կեանքը բարեպաշտ հայորդիների։

«Ի խորոց սրտի աղօթում ենք եւ մաղթում, որ Ամենակալ Տէրըքաջառողջ երկար տարիներ պարգեւի Ձեզ, պահապան եւ զօրակիցդարձնի Ձեզ շնորհաբաշխ Իր Սուրբ Աջը եւ պսակազարդի եկեղեցաշէնու ազգօգուտ Ձեր առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն Կ.Պոլսոյ ՀայոցՊատրիարքութեան եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ»։


ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատուոյ Գիրը

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անուանակոչութեան տօնին եւ ծննդեան 49-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Նախագահ ԱկադեմիկոսՖատէյ Սարգսեան եւս Նորին Ամենապատուութիւնը պարգեւատրեցԱկադեմիայի Պատուոյ Գիրով։ Նորին Ամենապատուութեանյանձնուած Վկայականին վրայ գրուած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա։
ՊԱՏՈՒՈՅ ԳԻՐ։
Կոստանդնուպոլսի Հայ Առաքելական Եկեղեցու Պատրիարք՝
Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՒՈՒՄ Է
Հայագիտութեան բնագաւառում ներդրած գիտական աւանդի
եւ հայապահպանութեան գործում իրականացուող
իր ազգանուէր ու անշահախնդիր պատմական առաքելութեանհամար։
Ֆ.Տ. Սարգսեան»։