ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԶՐՈՅՑԸ ՊՈՒԽՀՈԼՑԻ ՀԵՏ

Kategori: Միջեկեղեցական

209Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 17 Օգոստոս, Չորեքշաբթի առաւօտ, Պէրլինի Ռատիոկայանի համար հարցազրոյց ունեցաւ WDR ռատիոկայանի հանրածանօթ աշխատակից Մարթին Պուխհոլցի հետ (տե՛ս http://www.martinbuchholz.com/)։

Պուխհոլցի հարցումներէն մէկը 1915-ի Մեծ Եղեռնի մասին էր, զոր Գերմանիոյ Խորհրդարանը պաշտօնապէս յորջորջած էր որպէս ցեղասպանութիւն։ Պատրիարք Հայրը այդ դէպքերու 90-ամեակին ի՞նչպէս կը գնահատէր սոյն որոշումը։

Նորին Ամենապատուութիւնը պատասխանեց. «Անկախաբար անկէ որ 1915-ի Մեծ Եղեռնը ի՛նչպէս կը յորջորջուի՝ եղեռնական դէպք, աքսոր, տեղահանութիւն կամ ցեղասպանութիւն, որպէս հոգեւոր առաջնորդ, զիս հետաքրքրողը աւելի հայ եւ թուրք ժողովուրդներու փոխըմբռնումը, հաշտութիւնն ու դրացիական փոխ-յարաբերութիւններն են։ Ես աւելի ապագայի մասին մտածել կը նախընտրեմ։ Երիտասարդ հայ եւ թուրք սերունդ մը կայ։ Այս երիտասարդներուն առջեւի ճանապարհը պէտք է որ բացուի»։

Պուխհոլց հարցուց. «Այսի՞նքն։ Անցեալին պատահածները պէտք է մոռացութեա՞ն մատնել»։

Պատրիարք Հայրը պատասխանեց. «Այդպիսի բան չըսի։ Այդպիսի բան 1915-ին նահատակուածներուն թոռներուն անունով խօսիլ կը նշանակէ եւ ես այդ իրաւունքը չունիմ։ Իմ ըսածս սա է. Թուրքիա եւ Հայաստան պէտք է նստին եւ այլեւս այս հարցին շուրջ լուրջ երկխօսութեան մտնեն։ Հարցը թողուլ երրորդ կողմերուն՝ կը նշանակէ ամենեւին անհոգ քաղաքական ուժերու ձեռքին խաղաքարտ տալ, որպէսզի ատիկա գործածեն իրենց քաղաքական շահերուն ի նպաստ։ Երկխօսութիւնը մերձարար ազդեցութիւն ալ ունի։ Մէկու մը հետ ծանօթանալէ, հաց բեկանալէ, բաժակ մը ջուր խմելէ, ընտանիքի անդամներուն ծանօթանալէ ետք, կարելի չէ այնպէս վարուիլ թէ կարծես այդպիսի բաներ չեն պատահած։ Ընդհակառակը, ծանօթութիւնը, երկխօսութիւնը մարդկային զգացումներու արթնացման պատճառ կը դառնան։ Այլեւս կարելի չըլլար վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս կողմերը կը վարուէին ծանօթանալէ առաջ։ Աստուած այս երկու ժողովուրդները կողք կողքի միեւնոյն աշխարհագրութեան մէջ դրած է։ Կարելի՞ է բան փոխել։ Ամենեւին ո՛չ։ Ուրեմն կողմերը որոշում պէտք է կայացնեն. կամ յաւիտենական թշնամիներ պիտի մնան, կամ ալ դրացիական բարեացակամ յարաբերութիւններ պիտի մշակեն»։

Նորին Ամենապատուութեան տուած հարցազրոյցին ամբողջական պատճէնը ի մօտոյ կը հրատարակուի գերմաներէն, անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով։

Հարցազրոյցէն յետոյ, Պատրիարք Հայրը եւ Տրդատ Քահանան երիտասարդ ուղեկիցներ՝ Միքայէլ Բրիւնինկի եւ Ճէյսի Մանթուրութիլի հետ փափաքեցաւ հետիոտն շրջել Քէօլնի Մայր Տաճարի շրջակայքին մէջ, ուր տասը հազարաւոր երիտասարդներ կարգի մտած էին Մայր Տաճար մտնելու եւ իրենց ուխտը կատարելու նպատակով։ Պատրիարք հայրը եւ ուղեկիցները զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդական բազմաթիւ խումբերը ողջունելէ ետք կէսօրուայ ճաշն առին Մայր Տաճարի հանդիպակաց յարմարադիր ճաշարանի մը մէջ։

210