ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄՕՏ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 22 Յունիս 2005, Չորեքշաբթի,ժամը 18.30-ին խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ իրխորհրդականներուն հետ։ Նիստի ատենապետութեան հերթական պաշտօնը վարեց Էրօլ Սէհէրեըլտըզը։

Օրակարգի առնուած էին հետեւեալ նիւթերը. վաքըֆներու նոր օրէնքինախագիծը, Կիւմիւշեան կտակը, Գուզկունճուկի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուվաքըֆներու այժմու վիճակը, Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ներսէսեան Միութեան գործունէութիւնը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Պուլկարիոյ եւՊարսկաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերէն եկած հրաւէրները, Պատրիարքական Աթոռոյ նիւթական վիճակը, Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքը, որուն իրականացմանհամար յատկացում զատած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։

Խորհրդակցական հաւաքին ներկայ էին Փրօֆ. Տքթ. Աւետիս Հաճընլեան, Տոց. Տքթ. Արուսեակ Եումուլ, Տքթ. Սօսի Անթիքաճեան,Մուրատ Պէպիրօղլու, Մուրատ Պիլիր, Գրիգոր Տէօշէմէճեան, Հրանտ Քալաթաշ, Մուրատ Էօզքան, Երուանդ Էօզուզուն եւ Արէտ Վարդանեան։