ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

 ABD BELCI

Ա.Մ.Ն.ու Դեսպան՝ Ճոն Ռ. Պասս, ընկերակցութեամբ Աւագ Հիւպատոս Ճէննիֆէր Տէյվիսի եւ այլ դիւանագէտներու, 26 Ապրիլ 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը եկած էր համայնքային զանազան հարցերու շուրջ ծանօթութիւններ խնդրելու։

 

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Ապա եղան կարծիքի փոխանակումներ։ Անոնք, ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցան։