ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

12640301_532729733553581_2017296925704681011_oԻսկ 24 Յունուար, Կիրակի, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի մէջ, հոգեւոր հանդիսութեանց կատարումով յիշատակուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներէն՝ Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարքը, իր վախճանման 25ամեակին առիթով։ Արամ Արքեպս. պատարագեց ու քարոզեց Լոս Անկելոսի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։

Նկատելով որ, Երանաշնորհ Պատրիարք Սրբազանը, վարած էր նաեւ Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնը, եկեղեցին լեցուն էր Իր յիշատակը յարգող հաւատացեալներով։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։ Ներկայ էին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեան , Թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Ս. Արքեպս. Յովսէփեան եւ Գուգարաց Թէմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արքեպս. Չուլճեան։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ծանօթացութիւններ տուաւ Արամ Սրբազանի ու իր կատարած գործունէութեանց մասին։ Ապա, Արամ Սրբազան տուաւ օրուան պատգամը «Աստուծոյ գործը այս է, որ հաւատաք անոր զոր Ան ղրկեց» (Յովհ. 6.29) բնաբանով։

12615751_532730166886871_4576413285410325673_oՄեր Տիրոջ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը բոլորիս համար առիթ ընծայեց, որպէսզի կարենանք վերանորոգել մեր մկրտութեան սուրբ ուխտերը։ Անգամ մը եւս յիշեցինք Աստուծոյ մեր բոլորին նկատմամբ սնուցած անխառն սէրը։ Կարեւորութեամբ նկատեցինք, թէ Քրիստոս աշխարհ եկած էր, որպէսզի մենք կեանք ունենանք եւ առաւել եւս ունենանք։

Այսօր մեր կարդացած Սուրբ Աւետարանի բաժինը սերտօրէն կապուած է Քրիստոսի քարոզած լեցուն կեանք ունենալու սկզբունքին հետ, զոր կարելի չէ երեւակայել առանց Քրիստոսի հաւատք ընծայելու եւ առանց զԱյն Կենաց Հաց դաւանելու։ Քրիստոս հացերու եւ ձուկերու բազմացման հրաշքէն յետոյ դէմ հանդիման եկաւ զինքը փնտռող ամբոխին հետ։ Քրիստոս նկատած էր, թէ անոնք զինքը կը փնտռէին անոր համար, որ դիւրին կերպով ուտելիք գտած էին։ Այս առումով կþուզէ իրենց դաս մը տալ։ Անոնց կը թելադրէ գնայուն արժէքներու ետեւէն չվազել, այլ հետամուտ ըլլալ մնայուն արժէքներուն, որոնք պիտի մնային յաւիտենական կեանքին մէջ։ Կը հաւաստիացնէ, թէ յաւիտենական կեանքը պիտի տար Մարդու Որդին, որ հաստատուած էր Հօր Աստուծոյ կնիքով։

Ժողովուրդին հեշտ թուած էր այս խոստումը։ Եւ այս խոստումը դուռ բացաւ հետաքրքրական երկխօսութեան մը։ Մարդիկ հետաքրքրուեցան, թէ «ի՞նչ պէտք էր ընել Աստուծոյ գործերը գործած ըլլալու համար»։ Յիսուս, զանոնք գոհացնելու առաջադրութեամբ տուաւ հետեւեալ պատասխանը, որ նախադուռն է յաւիտենական կեանքին արժանանալու. «Աստուծոյ գործը այս է, որ հաւատաք Անոր զոր Ան ղրկեց»։ Այս պատասխանը դուռ բացաւ հետաքրքրական սակարկութեան մը։ Մարդիկ, ակնարկելով Մովսէս Մարգարէի օրով անապատին մէջ տեղացած մանանային, յայտնեցին, թէ հաւատալու համար նշան մը կը փնտռէին։ Քրիստոսի հետ սակարկութեան նստած ամբոխը, իր արժանի պատասխանը ստացաւ։ Քրիստոս անոնց յիշեցուց, թէ մանանան տուողը Մովսէս Մարգարէն չէր եւ Հայր Աստուած երկինքէն կու տար ճշմարիտ հացը, որ կեանք կու տար աշխարհին։

Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք, թէ մանանան անապատին մէջ հանապազօրեայ հաց էր, որուն աւելին եթէ պահուէր կþորդնոտէր։ Ի տարբերութիւն Մովսէսի օրով անապատին մէջ տեղացած մանանային, երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը՝ Քրիստոս երբ իր խօսքով առատապէս բնակի մեր մէջ, չորդնոտիր։ Քրիստոսի Խօսքը այն աստիճան քաղցր է, որ մենք կը մղուինք առաւել եւս Անոր մօտենալու եւ ամբարելու Կեանքի Խօսքին զօրութիւնը։ Քրիստոս տարբեր է մեր սեղաններու հացէն, որով կը հագենանք առժամապէս։ Քրիստոս իր մնայուն թարմութեամբ հանապազօրեայ հաց է, բոլոր անոնց համար որոնք զԱյն կþընկալեն որպէս հաց՝ յաւիտենական կեանքի։ Քրիստոս, իրեններուն եկաւ, իրեններուն մէջ գործեց, իրեններուն մէջ ցոյց տուաւ իր հրաշքները, սակայն իրենները զայն չընդունեցին։ Իսկ անոնք որոնք զԱյն ընդունեցին եւ հաւատացին Իր անունին, այս ենթարկուածութեան քաղցր պտուղը ճաշակեցին իրենց տրուած Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իշխանութեան ընդմէջէն։ Քրիստոս մեզի կը յայտնէ, թէ «երկինքէն չէր իջած իր կամքը կատարելու, այլ կատարելու Անոր կամքը՝ որ ղրկած էր զինքը»։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իր անձին օրինակով ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ կամքը պէտք էր գերադասել։ Չէ՞ որ Տէրունական Աղօթքին մէջ, առ Աստուած դիմելով կþըսենք. «Եղիցին կամք քո»։ Այդ բառերը իրենց բառարանային արժէքներէն արտաբերելու եւ այդ բառերով արտայայտուած իմաստին հիման վրայ կերպարանաւորուելու համար պէտք ունինք Կեանքի Հացին՝ Քրիստոսի եւ Իր կենդանարար խօսքէն արտացոլացող կեանքի լոյսին անշիջանելի ճառագայթներու զօրութեան։ Քրիստոս կեանքի հացն է բոլոր անոնց համար, որոնք հաստատ համոզում գոյացուցած են, թէ կեանքի ամէն երեւոյթներուն մէջ իրենք զիրենք անօթի եւ ծարաւ զգալու պարագաներուն պիտի կարենան լիանալ ու իրենց ծարաւը հագեցնել։

Պօղոս Առաքեալ, իր շատ սիրելի աշակերտին՝ Տիմոթէոսի ուղղած երկրորդ նամակին մէջ կ­­՚՚՚՚՚՚ակնարկէ վերջին օրերուն գալիք չար ժամանակներուն մասին եւ մի առ մի կը թուէ այն բոլոր բացասական երեւոյթները, որոնք պիտի յայտնուէին մարդոց կեանքէն ներս։ Նաեւ կը յուսադրէ, թէ անոնք պիտի չկարենային յառաջ երթալ եւ անոնց անմտութիւնը պիտի յայտնուէր։ Գնահատանքով կ­­­՚արտայայտուի իր աշակերտին մասին, որ անսակարկ նուիրումով հետեւած էր իրեն քարոզուած վարդապետութեան, ենթարկուած էր իր ուսուցիչին առաջնորդութեան, հաղորդ դարձած՝ անոր կամեցողութեան, հաւատքին, համբերատարութեան, սիրոյն եւ ցուցաբերած համբերութեան։ Կը զգուշացնէ, թէ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ կամեցողներ պիտի հալածուէին, մոլորեցնողներու հետ դէմ հանդիման պիտի գային։ Առաքեալը, իր զգուշացնող խօսքերէն յետոյ կþազդարարէ «հաստատ մնալ այն բաներուն վրայ զոր սորված էր եւ հաւատարիմ մնացած՝ անոնց»։ Այս ազդարարութիւնը, կը պահէ իր այժմէականութիւնը, յատկապէս մերօրեայ ժամանակներուն, երբ աւելի քան երբեք կարիքը ունինք դիմելու առ Աստուած եւ աղօթելու ըսելով. «ուսո ինձ առնել զկամս քո զի դու ես Աստուած իմ։»

Այսօր առաջի Սրբոյ Սեղանոյ հաւաքուած ենք մեր քրիստոնէական պարտականութիւնը կատարելու, զԱստուած պաշտելու, Աստուծոյ Խօսքը լսելու, զիրար Քրիստոսի սիրով ողջունելու, Քրիստոսի պատուական մարմնոյն եւ արեան հետ հաղորդուելու։ Այսօր մեզի համար քաղցր պարտականութիւն մըն է յիշել մեր երանաշնորհ եւ անմոռանալի Հոգեւոր Ծնողը՝ Շնորհք Պատրիարքը, որ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի մերազն հաւատացեալներուն յիշողութեանց մէջ դարբնուած է որպէս իրաւ հոգեւորականի տիպար։ Բոլոր անոնք, որոնք վայելած են իր ներկայութիւնը, հաղորդ դարձած են իր ամուր հաւատքին, որ լոկ ձեւականութիւն մը չէր իրեն համար։ Ան չէր ընդուներ քարացած կեանքի օրինակ մը, ուր անձեր չէին արտօներ Աստուծոյ Սուրբ Հոգւոյն ներագործութեան։ Ան, յիրաւի յաղթած էր անձնապաշտութեան, եւ յանձնուած՝ Աստուծոյ ներգործութեան։ Աստուած յիրաւի ներգործած էր իր մէջ, զինքը առաջնորդելով դէպի յանձնառութիւն Քրիստոսի լուծին։ Քրիստոս իր հրաշագործ ներգործութեամբ իր մէջ կերտած էր հաւատաւոր անհատականութեան նկարագիրը, որուն ամենացայտուն արտայայտութիւնն էր իր աղօթանուէր կեանքը։ Այդ աղօթանուէր կեանքին պտուղն էր Բանին Կենաց քարոզչութիւնը, որուն ունկնդրողներ կ՚ապրէին Կեանքի Հացին եւ Ջուրին հետ հաղորդակից դառնալու երջանկութիւնը։ Ան, հաստատ համոզում գոյացուցած էր, թէ Քրիստոսի հետեւորդը, մանաւանդ Քրիստոսի անդաստանին մէջ ծառայողը պէտք չէր նմաներ քանքարաթագոյց ծառային։ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականները եւ հոգեւոր գրականութեամբ հետաքրքիր հաւատացեալ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Շնորհք Պատրիարքը, որ հետեւելով Դուրեանական օրինակին լայնօրէն բաժնեց սորվածները, գիտութիւնը իր գրչի արտադրութիւններով։ Այսօր եւս, երանաշնորհ պատրիարքին հեղինակութիւնները կը շարունակեն լոյս սփռել եկեղեցւոյ օրացոյցի օրերուն վրայ։ Քրիստոսի հաւատարիմ սպասաւորին աղօթանուէր կեանքը չէր յայտնուեր միայն յատենի եկեղեցւոյ։ Ճշմարիտ վանականի մը տիպարն էր ան, որ «ի գիշերի եւ ի տուունջեան եւ յամենայն ժամու» անդադար կը փառաւորէր Տէրը, իր առանձնական աղօթքներուն ու վարչական գործունէութեանց ընդմէջէն։ Իր ներկայութիւնը ցանկալի էր բոլոր անոնց համար, որոնք մեղուի մը նման կը սպասէին Իր անձին մէջ տեսանելի եւ զգալի բուրաստանին բազմապիսի ծաղիկներուն։ Իր մեղրածորան շրթներէն, դուրս կու գար այդ ծաղիկներուն նեկտարը, վերածուելու համար քաղցրացուցիչ մեղրի փեթակներու։ Այդ քաղցրութիւնը շինիչ եւ մխիթարիչ էր հաւատացեալին համար, ըլլայ ան հոգեւորական կամ աշխարհական։ Փառք Աստուծոյ, որ առիթը ունեցած ենք իր անձին մէջ վայելելու իրաւ հոգեւորականի տիպարը։ Երբ կþաղօթենք իր բարի հոգւոյն խաղաղութեանը համար, ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք, որ Աստուած Իր անդաստանը ընդմիշտ օժտէ իրաւ ու նուիրեալ հոգեւորականի տիպարներով, ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մերազն ժողովուրդին։

Շնորհք Պատրիարքի հոգեւորականի դիմագծութեան առընթեր այլ ցայտուն գիծերու մասին արտայայուիլը կը վերապահենք յաւարտ Ս. Պատարագի սարքելի Սիրոյ Սեղանին։

Աստուած ընդունի իր ծառայութիւնները եւ հոգին լուսաւորէ ու արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։

Տիրոջ շնորհքը եւ ողորմութիւնը մեր վրայէն անպակաս ըլլայ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

Յետ քարոզի, Սրբազան Հայրը, Պատրիարքական Աթոռոյ շքանշանով վարձատրեց Սարօ Մարուքեանը, որ երկրաշարժի ընթացքին վնասուած Պատրիարքարանի վերանորոգութեան համար Լոս Անճելոսի մէջ կատարուած հանգանակութեան գործին բերած էր իր լայն աջակցութիւնը։

12615680_532731110220110_7590093432987045784_oԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՍԱՐՕ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆԻ
ԱՌ Ի ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Իսթանպուլահայ համայնքը իր ծոցին մէջ հասցուցած է եկեղեցանուէր անձեր, որոնք Աստուծոյ Տան նախանձախնդրութեամբ գիտակցաբար կը ծառայեն իրենց ժողովուրդի աղօթքի տուներու պայծառութեան։ Ի սկզբանէ անպակաս եղած են նման նուիրեալներ, որոնց շնորհիւ մեր եկեղեցիները մնացած են շէն ու պայծառ ի մխիթարութիւն եւ ի շինութիւն մերազն հաւատացելոց։

1461ին Սամաթիա հաստատուած Պատրիարքական Աթոռը, 1641 թուականին փոխադրուեցաւ Գումգաբու, ուր մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել։ 1718, 1826 տարիներուն պատահած հրդեհներ հրոյ ճարակ դարձուցին նաեւ նախկին Պատրիարքարանի շէնքը։ Բացի հրդեհներէն յետոյ կատարուած վերակառուցումներէն, վերջին անգամ վերանորոգուեցաւ 1901 թուին Երջանկայիշատակ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի շրջանին։

1913 թուին Երանաշնորհ Յովհաննէս Արշարունի Պատրիարքի շրջանին այս անգամ փլցուելով ի հիմանէ վերակառուցուեցաւ նախկին պատրիարքարանի շէնքին եւ Ճանիկ Ամիրա Փափազեանի լքեալ եւ գնուելով ազգին սեպհանացուած ապարանքին հիմերուն վրայ։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի շրջանին 1986-ին Պատրիարքական Աթոռի 525-ամեակի առիթով հիմնապէս եւ վերջին անգամ 1990-ին Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի բարեզարդուեցաւ արդամբ եւ ծախիւք բարերար ազգայիններու։

17 Օգոստոս 1999 թուի երկրաշարժէն յետոյ նկատելով շէնքին հաւանական կքելու վտանգը, որոշուած էր ի հիմանէ վերակառուցանել Պատրիաքարանի շէնքը, որուն համար Աթոռը, ապաւինած էր նախ Ամենակալին Աստուծոյ եւ ապա Պոլսահայ եւ սփիւռքահայ նուիրատու ազնիւ ազգայիններու օժանդակութեան։ Յետ վերաշինութեան, Պատրիարքական Աթոռը իր յարակից պաշտօնական մարմիններով կը շարունակէ հովուել իր հոգեւոր սահմաններուն մէջ ապրող մերազն ժողովուրդը։ Իր որդեգրած առողջ կեցուածքով առաջնորդ կը հանդիսանայ մխիթարութիւն ակընկալող ժողովուրդին։ Կը համակարգէ Հայ համայնքի կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութիւնները։

Հոգեւոր ուրախութեամբ տեղեկացանք, թէ Դուք կարեւոր ներդրում ունեցած էք Պատրիարքարանի Շէնքին վերաշինութեան համար հարկաւոր նիւթական օժանդակութեան հանգանակութեան գործին։ Վստահաբար Ձեր բարեգործութիւնը ժառանգած էք, Ձեր հոգելոյս հայր՝ Զօհրապ Մարուքեանէն, որ ծանօթ էր մեր համայնքին իր բարերարութեամբը։ Կþաղօթենք իր հոգւոյն խաղաղութեանը համար։ Խունկ եւ աղօթք իր բարի յիշատակին։

Մենք յանուն Պատրիարքական Աթոռին կը գնահատենք Ձեր երախտաշատ վաստակը, մանաւանդ որպէս հարազատ Պոլսեցի Ձեր ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքը հանդէպ Ձեր ծննդավայրի Հոգեւոր Կեդրոնին, կը յայտնենք մեր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը եւ օրհնութեան սոյն գրով Ձեզի կը շնորհենք Պատրիարքարանի վերաբացման առիթով յատկապէս պատրաստուած

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

որուն կը կցենք նաեւ Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, բարօրութեամբ եւ երջանկութեամբ։ Թող Ամենաբարին Աստուած Իր Բարեբեր Հովանին անպակաս ընէ Ձեր ընտանիքին վրայէն, օրհնէ Ձեր բոլոր բարի գործերը զանոնք պսակելով յաջողութեամբ։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ճոխ յայտագիրով։ Յովնան Սրբազան այստեղ եւս անդրադարձաւ Շնորհք Պատրիարքի գործունէութեան Հայ համայնքային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ նշեց իր բազմաբեղուն գրական վաստակը։

Ապա արտայայտուեցաւ Արամ Սրբազան, վեր առնելով Շնորհք Պատրիարքին նկարագիրն ու կեանքը։

12593672_532730613553493_7901786086208576242_oՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՎՐԱՅ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-ամեակը առիթ ընծայեց, որ բոլորս աղօթակցինք եւ ի մի համախմբուելով նշենք այս կարեւոր հանգրուանը։ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ կազմուած յանձնախումբ մը 2003ին կազմակերպած էր հանդիսութիւններ եւ լոյս ընծայած՝ յուշամատեան մը։ Իսկ 2013ին իր ծննդեան 100-ամեակին, մեր տնօրինութեամբ հաստատուեցաւ Շնորհք Պատրիարք-100 մատենաշարը, որ կþընդգրկէ մեր երանաշնորհ հոգեւոր ծնողին գործերուն վերհրատարակութիւնը։ Մեզի համար ուրախութիւն եղաւ, Պատրիաքարանի գրադարանին մէջ պահուած երանաշնորհ պատրիարքին «Մեկնութիւն թղթոյն աո կորնթաղիս առաջին» խորագրեալ վարդապետական աւարտաճառին լոյս ընծայումը, որպէս անդրանիկ հատորը սոյն մատենաշարին։ Ուրախ ենք, որ երանաշնորհ պատրիարքի «Մեծ Պահոց Կիրակիներու Ոսկի շղթան» երկասիրութիւնը լոյս ընծայուած է անգլերէնով, նախաձեռնութեամբը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանին։ Մեր Երանաշնորհ հոգեւոր ծնողին գրչի արտադրութեանց նկատմամբ ի սփիւռս աշխարհի ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ցուցիչն է, իր վայելած ժողովրդականութեան։

Շնորհք Պատրիարքի կենսագրութեան ցայտուն գիծերը բաւարար են, որ առանց դժուարանալու հանգստութեամբ արտայայտուինք իր մասին։

Նախ եւ առաջ կը տեսնենք, թէ Աստուած ինչպէս գործած էր իր կեանքէն ներս։ Ոչխարներու հովիւ ի հօրէ որբացած շինական Արշակը, իր իմաստուն մօրը շնորհիւ ձերբազատուած էր զինքը շրջապատող բազմութեան մէջ կորսուելու ստոյգ հաւանականութենէն։ Անուս հովիւը կը դառնար գրակարդաց, հաղորդ կը դառնար իր պապենական հաւատքի սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր հայրերու դարաւոր մշակոյթին։ Կը դառնառ քրիստոնեայ պատանի, կապուած իր Տիրոջ եւ Փրկչին։ Այդ կապը իր մէջ կ՚արթնցնէր ծառայութեան կոչում, Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ սրբութեանց նկատմամբ աներեր հաւատքով, յիշողութեանը մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած կեանքի դժուարութեանց յուշերով դրծուած, ան դարձաւ օրինակելի հոգեւորական մը։ Ի սկզբանէ մինչեւ իր վախճանումը ունեցաւ համակ աղօթաբոյր կեանք մը։ Այդ աղօթքի կեանքն էր, որով կրցաւ տոկալ նեղութեանց, դժուարութեանց, անարդարութեանց։ Թուրքիոյ Հայ համայնքը բախտաւորուեցաւ վայելելու իր հովուապետական ներկայութիւնը։ Իր պատրիարքական մականը արժեւորեց եւ պատիւ բերաւ այն Աթոռին, որուն վրայ անցեալին բազմած էին մեծանուն պատրիարքներ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը փառաւորուեցաւ իր արի եւ տիրական կեցուածքով։

Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ծանօթ է «մանկութիւնը չապրած սերունդ» ասութիւնը։ Շնորհք Պատրիարք այդ սերունդին կը պատկանէր։ Սակայն այդ պատկանելիութիւնը ստորակայութեան բարդոյթի մը չէր վերածուած իր ներաշխարհին մէջ։ Ընդհակառակը, ան փարած էր որբախնամ կամ ծով կարիքներու մէջ տուայտող ընտանիքներու զաւակներուն տէր եւ պաշտպան կանգնելու առաքելութեան։ Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի պատերը ընդմիշտ պիտի վկայեն, թէ մանուկներ ինչպէս զիլ ձայներով կþողջունէին Շնորհք Պատրիարքը, իրենց սիրելի «Սրբազան Հայրիկ»ը։

Ան, «Սրբազան Հայրիկ»ն էր նաեւ ներքին գաւառներէն Պոլիս գաղթած մերազն ընտանիքներուն։ Հոս կը յիշենք Քրիստոսի Խօսքը. «Այն ամէնը զոր Հայրը ինծի կու տայ,՝ ինծի պիտի գայ, եւ ով որ ինծի կու գայ դուրս պիտի չհանեմ զայն»։ Բախտազուրկ մերազն ընտանիքները նախ Աստուծոյ, ապա հոգեւոր վերին իշխանութեան վստահեցան եւ իրենց բնագաւառներէն գաղթելով Պոլիս եկան։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, նորեկ ընտանիքներուն տէր եւ պաշտպան կանգնելով, արժանաւորապէս տիրացաւ հայրախնամ կոչումին։ Կազմեց Գաղթականաց Յանձնախումբ մը, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան տարեգրութեան մէջ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի յաջորդող զինադադարի շրջանին իրականացած որբախնամ առաքելութենէն յետոյ, երկրորդ կարեւոր առաքելութեան լծուեցաւ։ Անպսակ զոյգեր, անկնունք երախաներ արժանացան Ս. Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն։ Այս յանձնախումբը գործեց վայելելով Շնորհք Պատրիարքի հովանաւորութիւնը։ Մերազն ժողովուրդը վստահեցաւ իր հոգեւոր պետին եւ քսակը լայն բացաւ ու հաց կիսեց գաղթականներուն հետ։ Ընտանիքներու պետեր աշխատանքի դաշտ գտան եւ գաւառացիի նախանձախնդրութեամբ սկսան իրենց օրապահիկները ճարել։ Իրենց զաւակները մեր վարժարաններու գրասեղաններուն վրայ ուսում ստացան։ Շնորհք Պատրիարք իրեն վստահած ժողովուրդին յիրաւի տէր կանգնեցաւ եւ անոնցմէ ոչ մէկը կորսուեցաւ։ Իր հայրախնամ կեցուածքէն ազդուած գաղթականի զաւակները յետագային դարձան պատուաբեր գործատէրներ, լծուեցան համայնքային պաշտօններու եւ իրենց կարելիութեանց չափով օժանդակեցին այն հաստատութիւններուն, որոնց խնամքին արժանացած էին անցեալին։

Շնորհք Պատրիարք քաջ հովիւն էր իր ժողովուրդին։ Ան չբաւականացաւ Պոլսոյ եկեղեցիներու ժողովուրդի հովուութեամբ։ Հովուական ցուպ ի ձեռին, գնաց այցելեց գաւառաբնակ իր հոգեւոր զաւակները, զանոնք մխիթարեց իր հայրական ներկայութեամբ, արժանացնելով իր «Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ» տիտղոսը։ Իր շրջանին սկսաւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպուիլ դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները, որոնց միջոցաւ ստեղծուեցաւ աղօթքի միասնականութիւն Պոլսահայ ուխտաւորներու եւ տեղւոյն հայ հաւատացեալներուն միջեւ։

Իր պատրիարքութեան շրջանին ծանրակշիռ օրեր եկան։ Ահաբեկչական արարքներ ստուեր ածեցին մեր ժողովուրդի անուան վրայ եւ Շնորհք Պատրիարք դարձեալ քաջ հովիւի օրինակով հանդէս եկաւ իր Քրիստոնէական ու մարդասիրական արտայայտութիւններով։ Անտեսելով իրեն դէմ շղթայազերծուած քննադատութիւնները, միշտ պախարակեց ահաբեկչական արարքները եւ գործեց միշտ ի մտի ունենալով իր խնամքին յանձնուած հօտին բարօրութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Ան էր, որ հովուական ցուպ ի ձեռին այցելեց միջեկեղեցական կարեւոր կեդրոններ եւ վաւերագրերու համատեղ ստորագրութեամբ իր նպաստը բերաւ ահաբեկչութեան դէմ առողջ եւ շինարար կեցուածքի մը որդեգրման։

Հաւատարիմ՝ իջման Ս. Սեղանի առջեւ կատարած ուխտին ի պահանջել հարկին ջերմագինս պաշտպանեց Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերագահութիւնը։ Ի զուր չէր, որ Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը հրաւիրած էր զինքը, որպէսզի մասնակցէր կանոնագրութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն։

Իր հայրախնամ հովուապետութեամբ արժանաւորապէս կը յարգուէր միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Նաեւ կը վայելէր խոր ակնածանքը Հայ Եկեղեցւոյ ամէն աստիճանի հոգեւոր դասու անդամներուն։

Շնորհք Պատրիարքը կ՚ապրի տակաւին եւ վստահ ենք որ ընդմիշտ պիտի ապրի իր գրչի արտադրութիւններով։ Ըլլալով լաւ քարոզիչ վարդապետ մը, չբաւականացաւ լոկ քարոզելով։ Ծանրաբեռնուած վարչական իր պաշտօնին առընթեր, գրիչ ի ձեռին, յաճախ զոհելով իր հանգիստի ժամերը շարունակեց վարդապետել, արտադրելով մնայուն գործեր։
Շնորհք Պատրիարքը ճանչցուեցաւ, որպէս գրասէր եւ մշակութասէր պատրիարք։ Մեր համայնքի ծոցէն հասած գրչի մշակներ, գեղարուեստի նուիրեալներ վայելեցին իր բարձր հովանաւորութիւնը։ Իր թանկագին ներկայութեամբ պատուեց գրական եւ մշակութային ձեռնարկները եւ իր մեծարժէք արտայայտութիւններով քաջալերեց, թէ կազմակերպիչները եւ թէ ենթակաները, որոնց ի պատիւ տեղի կ՚ունենային ձեռնարկները։

Սուրբ Գիրքը իր կեանքի անխախտ եւ ամուր հիմնաքարն էր։ Իր աղօթանուէր կեանքը վախճանին հասաւ Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ։ Մեծանուն հոգեւորականը Իր հանգիստը մտաւ ուղղափառ խոստովանութեամբ եւ յաւիտենական կեանքի յոյսով։ Աղօթքով սկսած էր քալել դէպի Քրիստոս, աղօթքով ու սաղմոսասացութեամբ փակեց իր երկրաւոր կեանքը։

Յանձին Շնորհք Պատրիարքի ճանչցանք իրաւ, հաւատաւոր եւ իր կոչումին գիտակից հոգեւոր հայր մը, որուն համար փառք կու տանք Աստուծոյ եւ կ՚աղօթենք ըսելով. «Քրիստոս Աստուած, հանգո զհոգի հոգեւոր ծնողին իմոյ Շնորհքայ Պատրիարքի եւ հանգո զՆա այցելութեամբ ի լոյս երեսաց քոց եւ դասաւորեալ պայծառացո ընդ հայրապետացն սրբոց յարքայութեանդ երկնից. Ամէն»։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Արամ Սրբազանին աղօթքով։

Արամ Սրբազան, Երկուշաբթի օր, ժամը 16.00-ին ընկերակցութեամբ քանի մը ազգայիններու, փափկավարական այցելութիւն տուաւ տեղւոյն Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոս՝ Ռաիֆէ Կիւլրու Կէզէրի։

Photos: Media Department WD

  • 12604663_532725180220703_3408536381666691134_o
  • 12604776_532725173554037_3750212773309922987_o
  • 12615652_532725376887350_6853935197932884069_o
  • 12513837_532725533554001_3208732788952058108_o
  • 12622021_532725403554014_878973225690961358_o
  • 12628486_532725306887357_5637451470299102623_o
  • 12621961_532725283554026_4612648408376358862_o
  • 12604922_532725760220645_1308338245986432191_o
  • 12604758_532725806887307_7554076118675574429_o
  • 12646762_532725873553967_7229514481612358308_o
  • 12525217_532725923553962_444821106090335944_o
  • 12593487_532725986887289_3150120825823310483_o
  • 12473653_532725933553961_2467774898096347150_o
  • 12615299_532726006887287_4395447467551106221_o
  • 12622105_532725920220629_2851718404546608704_o
  • 12466062_532726033553951_14978712254673737_o