ԱՄՆ-ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

15 07 02 ABD BagimsizlikԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 239.ամեայ տօնին առթիւ 1 Յուլիս 2015, Չորեքշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։ Ընդունելութեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ներկայ էին նաեւ ԱՄՆ-ու դեսպան՝ Ճօն Պէսս, ԱՄՆ-ու Աւագ Հիւպատոս՝ Չարլզ Հանթըր, Ստանպուլի Կուսակալ Վասիփ Շահին, Ստանպուլի Քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշ եւ հոգեւոր առաջնորդներ։

Նորին Սրբազնութիւնը ԱՄՆ-ու Դեսպանին ու Աւագ Հիւպատոսին փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռին շնորհաւորութիւնները։