ԱՄՆ-ՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ

Kategori: Աշխարհական

abdԱ.Մ.Ն.ի Աւագ Հիւպատոս Սքոթ Ֆրետերիք Քիլնըր եւ կողակիցը, 05 Սեպտեմբեր 2013, Հինգշաբթի միջօրէին այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւպատոսը, աւարտելով իր Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։  Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, այցելուները մէկտեղուեցան ճաշասեղանին շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ հիւպատոսին, իր յետագայի պաշտօններուն մէջ։