ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒԷՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

GEDIKPASA HRANT DINK OKULU

Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու, իրենց հետ ունենալով վայժարանէ ուսուցիչներ, 14 Յուլիս 2017, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Այցելուները նախ շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ ապա իրենց աշխատութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Սրբազան Հօր։ Վարժարանի հաստատման մասին հակիրճ տեղեկութիւներ փոխանցելէ յետոյ, իրենց գլխաւոր մտահոգութեանց մասին արտայայտուեցան։ Վարժարանի մէջ մօտաւորապէս 150 աշակերտ կ՚ուսանին։ Իրենց գլխաւոր նեղութիւնն էր նիւթական անձկութիւնը։ Օրակարգի վրայ էր նաեւ տեղափոխութեան հարցը։Տեղապահ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, գնահատեց նաեւ վարժանի առաքելութիւնը։ Հայրական խրատներ տուաւ այցելուներուն։