ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒԷՆ

Kategori: Համայնքային

GedikpasaՊատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի, 25 Սեպտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը եւ պատասխանատու Արեքնազ Աւագեանը։

Այցելուներ տեղեկութիւն տուին իրենց տարած աշխատութեան ներկայ վիճակին մասին, նաեւ որոշ ծրագիրներու մասին ուզեցին՝ Տեղապահ Սրբազան Հօր գաղափարը իմանալ։ Ըստ փոխանցուած տեղեկութեանց, ինչպէս շատ մը կրթական հաստատութիւններ, իրենք եւս աշխատութեանց ծաւալումով եւ աշակերտներու բազմացումով նիւթական օժանդակութեան կարիքը կը զգային։ Յայտնեցին թէ՝ յարմար առիթով մը կը փափաքին ի նպաստ վարժարանին մատաղօրհնութիւն մը կազմակերպել եւ դիմել՝ համայնքի բարերարներուն օժանդակութեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ողջունեց վարժարանի ճամբով մանուկներու կրթութեան ի նպաստ մատուցուած ծառայութիւնը։ Իր հայրական խրատները տուաւ այցելուներուն ու յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը եւս պիտի օգնէ մանուկներու կրթութեան առթիւ կատարելի ձեռնարկներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։