ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԱՆՈՒԱՆ ԴՊՐՈՑԷՆ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

23843453_862384097254808_3033200443641557433_nՊատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի, 21 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, պատասխանատու Արեքնազ Աւագեանը եւ ներկայացուցիչ աշակերտներ։

Վարժարանին մէջ այս շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր ձեռնարկ մը, որով յիշատակուած էին Կոմիտաս Վարդապետն ու Յովհաննէս Թումանեանը։ Հանդիսութեան աւարտին աշակերտներ հիւրերուն նուիրած էին շրջանակներ, որոնք Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի նկարներով զարդարուած էին։ Անոնք, նկար մըն ալ պատրաստած էին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր համար եւ սոյն այցելութեամբ փափաքած էին անձամբ յանձնել յիշատակի նուէրը։ Նորին Սրբազնութիւնը մեծապէս ուրախացաւ այս անակնկալով ու շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն։ Աշակերտութեան սրտէն բխած այս ձեռագործ աշխատութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունէր։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ շատ փափաքելով հանդերձ ակամայ պատճառներով հանդիսութեան օրը բացակայած էր։ Ասով հանդերձ մամուլէն հետեւած էր հանդիսութեան նկարագրականներուն, լսած էր նաեւ մասնակիցներուն տպաւորութիւնները։ Յայտի էր թէ՝ յաջող հանդիսութիւն մը եղած էր։ Այս առթիւ մեծապէս գնահատեց հանդիսութեան մասնակից աշակերտներն ու իրենց ուսուցիչները։ Յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի բոլոր սաներուն եւ իրենց դասատուներուն։

Հանդիպման ընթացքին դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը անդրադարձաւ նաեւ մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններուն։ Նախորդ այցելութեան ընթացքին յայտնած էին թէ յարմար առիթով մը կը փափաքին ի նպաստ վարժարանին մատաղօրհնութիւն մը կազմակերպել եւ դիմել՝ համայնքի բարերարներուն օժանդակութեան։ Այնուհետեւ, այցելուներ յայտնեցին թէ 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կը ծրագրեն մատաղօրհնութիւն կատարել։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրեցին եւ հրաւիրեցին Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Նորին Սրբազնութիւնը, ուրախութեամբ ողջունեց այս ձեռնարկը, իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներոն ու յաջողութիւն մաղթեց մատաղօրհնութեան պատրաստութեանց մէջ։