ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԱՆՈՒԱՆ ԴՊՐՈՑԷՆ

Kategori: Համայնքային

25498030_876537705839447_4632739378392718332_nՊատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 20 Դեկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, պատասխանատու Արեքնազ Աւագեանը եւ ներկայացուցիչ ուսուցիչներ ու աշակերտներ։

Անցեալ օրերուն, վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութիւն կատարուած ու Տեղապահ Սրբազան Հայրը անհանգստութեան պատճառաւ բացակայած էր։ Հիւրերը յայտնեցին թէ՝ մատաղօրհնութեան առիթով առ ի երախտագիտութիւն, Տեղապահ Սրբազան Հօր համար պատարաստած էին ձեռագործ յուշանուէր մը։ Քանի Նորին Սրբազնութիւնը բացակայած էր, անոնք թէ՛ արագ ապաքինման մաղթանքները փոխանցելու եւ թէ՛ Սրբազան Հօր համար պատրաստուած յուշանուէրը Իրեն անձամբ յանձնելու համար, փութացած էին Պատրիարքարան։ Մտերիմ զրոյցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նուիրուած իմաստալից յուշանուէրին համար, ապա մօտէն հետաքրքրուեցաւ կատարուած մատաղօրհնութեան զարգացումներով։ Այցելուներ, ուրախութիւն յայտնեցին թէ Տեղապահ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, առաջին անգամ կատարուած էր նման ձեռնարկ մը, որուն արդիւնքը բաւականին գոհացուցիչ էր։ Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Հայրը մօտալուտ Ամանորի սեմին յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։