ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԱՏԻՐ ԹՕՓՊԱՇԻ

Kategori: Աշխարհական

kadir topbasՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 16 Ապրիլ 2014, Աւագ Չորեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանտ Մոսկոֆեանի, եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եսայի Տէմիրի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշին։ Ներկայ էր նաեւ Նատիա Թաշէլ։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց Քատիր Թօփպաշը, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան վերընտրութեան առթիւ եւ անդրադարձաւ մեծայարգ քաղաքապետին տարած աշխատանքներուն։ Մաղթեց որ նոր շրջանին եւս, նոյն թափով շարունակուէին քաղաքապետարանի աշխատանքները։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան նաեւ Հայ Համայնքի հետ առընչուած նիւթերու մասին։ Քատիր Թօփպաշ իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Յիշեցուց, որ ինք օտար մը չէր Հայ համայնքին եւ միշտ պատրաստ էր իր կարելին ի գործ դնելու նաեւ յօգուտ անոր։

Այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար, եւ յաջողութիւն մաղթեցին Քատիր Թօփպաշին։