ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

IMG_3056Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 27 Սեպտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Ասորի Կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Ապտուլահատ Չանլըին։

IMG_3057

IMG_3059Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ որպէս Տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ քաղաքի Ասորի Համայնքի հոգեւոր պետին հետ։ Ինք առաջին հերթին նշեց թէ՝ մօտաւոր անցեալին Մոնս. Եուսուֆ Սաղի հանգտեան կոչուելէն յետոյ, Պատրիարքական Փոխանորդութեան կոչուած էր Մոնս. Օրհանը։ Սոյն այցելութեամբ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, նաեւ Ասորի Կաթոլիկը Համայնքի հոգեւոր առաջնորդը նոր պաշտօնի ձեռնարկման առթիւ կը շնորհաւորէր։ Մոնս. Օրհան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ բարեմաղթութեանց համար եւ թէ՛ քաղաքավարական սոյն այցելութեան առիթով։ Ինք եւս շեշտեց քոյր եկեղեցիներու միջեւ եղած բարւոք յարաբերութիւնները ու մաղթեց որ այդ բոլորը նոյն եռանդով ու ջերմեռանդութեամբ շարունակուին ընդ միշտ։ Այնուհետեւ նշեց թէ, հոգեւոր առաջնորդութեան կոչումը իսկապէս դժուար պարտականութիւն էր։ Ինք եւս յետ պաշտօնի կոչման տեսած էր քաղցր, բայց միեւնոյն ժամանակ ծանր լուծը։ Բայց, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ծառայելով կը յաղթահարուէին բազում դժուարութիւններ։ Մաղթեց որ Աստուած իմաստութիւն եւ զօրութիւն պարգեւէ եկեղեցւոյ բոլոր առաջնորդներուն։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւարսիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մէկտեղուիլ։