ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

IMG_3051Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 27 Սեպտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելութիւն տուաւ Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինի։IMG_3050

IMG_3052IMG_3049Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ որպէս Տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ քաղաքի Ասորի Համայնքի հոգեւոր պետին հետ։ Այնուհետեւ, ինք անդրադարձաւ Գերմանիոյ Առաջնորդութեան շրջանին Ասորի Համայնքի հետ ունեցած միջեկեղեցական յարաբերութեանց։ Ինք ուրախ էր նաեւ Պոլսոյ մէջ տեսնելով նման յարաբերութիւններու առկայութիւնը, բան մը որ, արտացոլացումն էր Քրիստոնէական սիրոյ եւ միաբանութեան։ Սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին Մոր Ֆիլիւքսինոս Սրբազանը հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքային ու եկեղեցական կեանքով։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու շնորհաւորեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնին առթիւ։ Յիշեցուց թէ ինք երկար ժամանակէ ի վեր կը պաշտօնավարէ, որպէս Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ ու շեշտեց թէ երկար տարիներէ ի վեր Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներ, որպէս քոյր եկեղեցիներ սերտ յարաբերութիւն ունին մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Զրոյցի աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ նաեւ առաջնորարանի հրատարակութիւններէն՝ “İstanbul Mozaiğinde Süryaniler” գիրքը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւարսիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մ մէկտեղուիլ։